Խոշոր կամարաձեւ պատուհաններու մէջէն առաւօտեան արեւը կը սկսէր ներս թափանցել։ Հսկայ գրադարանին մէջ շարուած զանազան գիրքերու կողքերը, արեւուն տաք ճառագայթներով սենեակին մէջ կաշիի հարազատ բոյր մը կ՚արձակէին։ Իւրաքանչիւր օր, անխտիր բոլոր գիրքերը կը սպասէին արեւուն տաք համբոյրին։
Մանուկ հասակիս, այսպիսի պատկերացում մը ունէի մեր տան գրադարանին մասին։ Փոքրիկ մարմինովս հսկայ գրադարանին դիմաց նստած կ՚երազէի, որ արեւուն համբոյրով նոր շունչ կ’առնէին այդ գիրքերը։ Ամէն ինչ գիտէին անոնք, կը դիտէին, կը լսէին եւ կ՚ամբարէին իրենց տողերուն մէջ։ Գրադարանի բնակիչներուն ամենամեծ հաճոյքը արեւուն հետ ամէն առտու հանդիպիլ էր եւ այդ հանդիպումներուն յաճախ ես ներկայ կ՚ըլլայի։
Երազներուս բոլոր բանալիները այդ գրադարանին մէջ դիզուած կը սպասէին։ Այդ բանալիներով ես կը շրջէի դարէ դար, քաղաքէ քաղաք եւ հեքիաթէ հեքիաթ։  Այսօր, երբ կը փորձեմ մանկական հեքիաթ մը գրել, տարբեր ժամանակներու միջեւ ճամբորդող հերոսներուն փոխադրամիջոցը գրադարան մը կ՚ըլլայ անկասկած, որովհետեւ այդ նոյն փոխադրամիջոցով է, որ մանուկ հասակիս ճամբորդած եմ ես։
Կախարդական այդ դարպասը կը բացուէր զանազան հորիզոններու եւ ես կը կարծէի, որ ամէն մանուկ ունի իր ուրոյն փոխադրամիջոցը՝ գրադարանը, որմով կը ճամբորդէր իր երազներու աշխարհին մէջ։ Սակայն տարիներ յետոյ տեսայ, որ առանց գրադարանի եւ գիրքի ապրողներ ալ կան։ Այդ ժամանակ հասկցայ, թէ ինչո՛ւ այդքան սրտնեղած էր դասընկերուհիս, երբ 8-րդ տարեդարձին գիրք մը նուիրած էի անոր։ «Ա՞յս է նուէրս» ըսած էր, մինչդեռ ես մեծ սիրով կրնայի յափշտակել այդ գոյնզգոյն գիրքը անոր տժգոյն ձեռքերէն։
Կը հիանամ գիրք նուիրելու սովորութեան։ Մի՛ կարծէք, որ կրնաք պարզապէս գրախանութ մտնել ու գիրք մը առնել իբրեւ նուէր։ Ինչպէս որ առանց չափերը գիտնալու չէք կրնար շապիկ մը գնել մէկու մը համար, այնպէս ալ չէք կրնար պատահական գիրք մը նուիրել մէկուն։ Երբ գըտնէք այդ ճիշդ «չափը», այդ գիրքը կը դառնայ ձեր մտերիմը ու կ՚երթայ ընդլայնելու ուրիշի մը երեւակայութեան սահմանները։
Գիրք նուիրեցէ՛ք, կրնաք այդ կաշիի հարազատ բոյրով երազներ արթնցնել։
Սարին Ագպաշ