Լեզուն զսպելը իմաստութիւն է: Երբեմն մարդիկ յոգնեցուցիչ եւ ձանձրացուցիչ նիւթի համար երկար կը խօսին, ժամանակ կը յատկացնեն, շունչ կը սպառեն եւ որպէս հետեւանք՝ լեզուի մեղքեր կը գործեն: Այսինքն՝ կը ստեն, կը զրպարտեն, կը բամբասեն, անմարսելի խօսքեր կ՚արտասանեն եւ կը հայհոյեն: Լեզուն մարմնի շփացած անդամն է, եթէ «երես տանք» մեզի ամօթով կը ձգէ եւ յաճախ նեղ կացութեան կը մատնէ: Լեզուի մեղքերուն մասին յատուկ բաժին մը վերապահուած է «Խոստովանանք»ին մէջ: Հոն յիշուած են լեզուով գործած մեր սխալները: Այս ցուցակը միւս հատուածներէն աւելի ընդարձակ է: Մեղքեր կան, որոնք մոռացութեան, ցանկութեան եւ չարին խաբէութեան հետեւանքն են: Իսկ լեզուի մեղքը հոգեկան աշխարհին արտացոլացումն է, դաստիարակութեան թարգմանն է, սովորութիւններուն արձագանգն է, կուտակուած բարդոյթներուն համարձակ խօսնակն է, մարդ արարածին դիտումներուն եւ համոզումներուն «Մատնիչն է»: Երբ մեր լեզուն սանձ չունենայ՝ ժամանակի ընթացքին սխալները սովորութեան կը վերածուին, խօսակցական տգեղ նիւթերը թութակաբար կը գործածուին, արտայայտութեան տհաճ եղանակը կ՚ըլլայ անախորժելի եւ երկխօսութեան փոխարէն մենախօսութիւնը կը նախընտրուի: Շատ մը հարցեր անլուծելի կը մնան, վէճեր կը ծագին եւ «ըսի ըսաւներ» կը շարունակուին անհաշիւ խօսքերուն պատճառով: Լեզուն երբ սանձ չունենար՝ աւեր կը գործէ, թոյն կը սրըսկէ, հրավառ կայծեր կը տեղացնէ, զգացումներ կը վիրաւորէ, եւ ճըշմարտութեան պատկերը կը չարափոխէ: Աւելին՝ բարեկամական կապերը կը խզէ, գործակցութեան կամուրջները կը քանդէ եւ պարզութեամբ հանգչող միտքերը կը պըղտորէ: Անիրաւ լեզուն դժոխային է, ստախօս լեզուն՝ Սատանայի ներկայացուցիչ, բամբասող լեզուն՝ կործանիչ, չարախօս լեզուն՝ խռովութեան տարածիչ եւ շողոքորթ լեզուն՝ քայքայիչ: Սուրբերը կրցան իրենց լեզուն սանձել, վայելուչը եւ շահեկանը ըսել: «Զբարիս խորհել եւ խօսել…»: «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքով Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Տիրոջմէ իմաստութիւն կը խնդրէ, որպէսզի բարին խորհի, խօսի եւ գործէ: Եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրերէն, հմուտ քարոզիչներէն, Պոլսոյ Պատրիարք սուրբ Յովհաննէսը Ոսկեբերան կոչումին արժանի եղաւ, շնորհիւ իր աղօթաբոյր խօսքերուն եւ հոգեշահ արտայայտութիւններուն: Այս մակդիրը պատուանուն է, ցոյց կու տայ սուրբին ունեցած եզակի յատկութիւնը, այսինքն՝ ոսկի խօսքերը եւ հաւատքի վկայութիւնը որ կտակեց գալիք սերունդներուն: Լեզուի մեղքերը սովորաբար տարբեր կերպերով են: Օրինակ սուտ խոստումները կեղծ երազներու բառարան են: Չափազանցուած գնահատանքները՝ անհամ հիւրասիրութիւն: Սուր քննադատութիւնը՝ հոգեքանդ վերաբերմունք: Մշտական յանդիմանութիւնը՝ կարծր մօտեցում: Իսկ առանց հոգեւոր ապրումի աղօթքը՝ անընդունելի պաշտամունք : Հետեւաբար, լեզուն կարիքը ունի կամքի միջամտութեան, միտքի հսկողութեան, շնորհքի ներգործութեան, եւ խիղճի առողջ դատողութեան: Մարդը որպէս ընկերային կենդանի հաղորդական է իր խառնուածքով: Խօսակից կը փընտռէ եւ կը փափաքի զրուցակից ունենալ: Սա բնական երեւոյթ է եւ նոյնիսկ արդար պահանջք: Կարեւորը յարգալիր եւ սիրալիր ըլլան մարդոց խօսակցական նիւթերը, հեռու անպատշաճ խօսելակերպէ: Տասնաբանեային մէջ լեզուի մեղքէն զգուշանալու երկու պատուիրաններ կան՝ «Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես…»(Ելից 20.7)։ Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղած յարգանք ցուցաբերել կը պատուիրէ այս օրէնքը: Իսկ միւսը՝ «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելից 20.16): Այս օրէնքը ուրիշին հանդէպ ճշմարտախօս ըլլալը կը թելադրէ: Երկու պատուիրաններն ալ ինքնին կը պարզեն թէ բարոյական մաքրութեամբ ապրողը պէտք է ճշմարտութեան կողմնակից ըլլայ: Աստուած այս պատուիրանին ընդմէջէն ցոյց կու տայ թէ հաւատքի մարդուն նկարագրային յատկանիշներէն է ճշմարտախօսութիւնը: Յիսուս Քրիստոս առիթով մը ըսաւ.«Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յհ 8.32): Տիրոջ այս խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, թէ ճշմարտութեան հակառակողը Աստուծոյ կանչին նկատմամբ անտարբեր է, խեղճ ստրուկ մը, որ դարձած է չարին եւ սուտին անձնատուր: Ճշմարտախօս մարդը երբ իր շրջապատին վստահութիւնը շահի, կըրնայ կարճ խօսքով համոզել եւ դրական ազդեցութիւն ձգել: Քանի իր անդիմակ կեցուածքն է ուշագրաւը: Ուստի, ճշմարտախօսին նկարագիրը իւրայատուկ է։ Իրեն համար կեղծիքը մերժելի է, մակերեսայինը՝ անընդունելի, սուտը՝ դատապարտելի, իսկ ճշմարտութիւնը՝ անթաղելի: Լեզուի մասին սուրբ գրային մատնանշումներու կը հանդիպինք Յակոբոս առաքեալին նամակին մէջ: Ան հիանալի կերպով նկարագրած է լեզուն: «Անիրաւութեան աշխարհ» բառերով կը ներկայացնէ մարդկային լեզուն:
Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ան որ գիտէ իր խօսքերը կշռել՝ կատարեալ մարդ է, ինքզինքին իշխելու կարող» (Յկ 3.2): Տակաւին կը շարունակէ.«Ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզըսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՚օրհնենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած են…Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բղխէ՞» (Յկ 3.11): Քրիստոնեայ մարդուն ապրելակերպին անբաժան մասն է խօսակցական ոճը: Լեզուն ինքնին նկարագրային որոշ գիծերը ցոյց կու տայ: «Վայել չէ որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեամբ զբաղիք. այլ՝ ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ» (Եփ 5.4): Աստուծոյ վախով, հաստատ հաւատքով եւ հոգեւոր արժէքներով ապրող մարդուն լեզուն գոհաբանութեան քաղցրաձայն սրինգ ըլլալու է: Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք հետեւեալ հաստատումը. «Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է» (Առ 10.20): Դարձեալ իմաստունը կը զգուշացնէ ըսելով. «Տէրը վեց բանէ կը զզուի ու անոր Հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են: Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ» (Առ 6.16-19): Յիշուած մեղքերուն երեքը լեզուին կը վերաբերի: Ուրեմն, անզուսպ եւ անիրաւ լեզուն վտանգաւոր է, որովհետեւ. «Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են» (Առ 18.21): Մեծ Պահքի այս օրերը ընթացքի փոփոխութեան առիթներ են: Հարկաւ ունինք ժըխտական կողմեր, որոնք սրբագրութեան կը կարօտին: Պահեցողութեան շրջանին եկէք լեզուի մեղքերէն հրաժարինք եւ միայն բարին խօսինք: Թող մեր լեզուն արթուն խղճմըտանքի, մաքուր բարոյականի, պըտղաբեր հաւատքի եւ առաքինի վարքի վկան ըլլայ, որպէսզի մեղքով խաւարած այս աշխարհին մէջ դառնանք «Լոյսի որդիներ»:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան