ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒՄՆԵՐ
Նկատի ունենալով պայմանագիրներու վերաբերեալ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը, պիտի ջանանք այս թիւով լուսարձակի տակ առնել պայմանագիրներու կնքման եւ բովանդակութեան հարցերը:
ա.-Պայմանագիրներու մէջ մեր բնակած կամ աշխատած վայրի հասցէէն տարբեր այլ հասցէ կրնա՞նք նշել:
-Այո՛, օրինական որեւէ գործարքի մէջ կարելի է նշել «Ընտրեալ Բնավայր»ի հասցէ, որուն կ՚ուղղուին կոչնագիրները, ազդարարագիրները, տեղեկատուութեան թղթիկները, զեկուցագիրները կամ գործարքին առնչուած այլ գրութիւններ:
բ.-Եթէ պայմանագիրի կողմերը կնքուած պայմանագիրին մէջ իրենց համաձայնութիւնը յայտնեցին միայն հիմնարար հարցերու գծով, նշելով, որ մանրամասնութիւններուն շուրջ հետագային կը համաձայնին: Այս պարագային ի՞նչ կ՚ըլլայ համաձայնագիրին ճակատագիրը:
-Համաձայնագիրը կայացած կը համարուի եթէ կողմերը պայման դրած չըլլան, որ համաձայնագիրը չեղեալ կը համարուի եթէ մանրամասնութիւններուն շուրջ համախոհութիւն չգոյանայ: Այս պարագային եթէ խնդիրներ ծագին մանրամասնութիւններուն շուրջ, դատարանին կը մնայ տարակարծութեան լուծման գծով որոշում գոյացնելը՝ համաձայն գործարքի բնոյթին, օրէնքին կամ տիրող աւանդութիւններուն (արհեստներու, վաճառականութեան, եւ այլն):
գ.-Եթէ պայմանագիր կնքող կողմերէն մէկը հիմնական սխալի մէջ իյնայ, ան իրաւունք կ՚ունենա՞յ համաձայնագիրը չեղեալ համարելու պահանջք ներկայացնելու:
-Այո՛, իրաւունք կ՚ունենայ պայմանաւ, որ միւս կողմը ինք եւս նոյն սխալին մէջ ինկած ըլլայ, կամ տեղեակ եղած ըլլայ այդ սխալէն եւ կամ այդ սխալը անոր համար դիւրութեամբ նկատելի եղած ըլլայ:
դ.-Իսկ ո՞ր սխալներն են, որոնք հիմնարար կը համարուին եւ որոնց համար ստորագրող կողմերէն մէկը իրաւունք կ՚ունենայ չեղեալ համարելու պահանջք ներկայացնելու:
-Հիմնական սխալը այն սխալն է, որ ստորագրող կողմը պայմանագիրը չէր ստորագրեր, եթէ այդ սխալ համարուածը ճիշդ հասկցած ըլլար:
ե.-Հաշուական սխալները համաձայնագիրը չեղեալ համարելու պատճառ կը համարուի՞ն:
-Ո՛չ, կարելի չէ ո՛չ հաշուական սխալները, ո՛չ ձեռագիրի սխալները, ո՛չ գրաշարական սխալները համաձայնագիրը չեղեալ համարելու պատճառ համարել, սակայն հարկ է սխալները սրբագրել տալ:
զ.-Կարելի՞ է համաձայնագիրը չեղեալ համարելու պահանջ ներկայացնել խաբէութեան, պարտադրանքի կամ բռնութեան ենթարկուելու պատճառով:
-Այո՛, այս պատճառները փաստուելու պարագային պայմանագրութիւնը չեղեալ կը համարուի: Սակայն հարկ է, որ բռնութիւնը կամ պարտադրանքը պայմանագրութեան կողմերէն մէկուն եւ կամ անոր գիտակցութեամբ եղած ըլլայ:
է.-Եթէ պայմանագրութիւնը հասարակական կարգերուն կամ բարոյական հասկացութիւններուն հակառակ ըլլայ, այդ անվերապահօրէն չեղեալ կը համարուի եւ այստեղ կողմերու համաձայնութիւնը արժէք չունենար:
 Փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան