Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարութեան մամուլի խօսնակ Նետ Պրայսն անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ հեռու մնալ բռնութեան յանգեցնող քայլերէն: Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին Նետ Պրայսն ըսած է, որ տեղեակ են Հայաստանի վերջին զարգացումներէն եւ կը հետեւին իրավիճակին շատ մօտիկէն: «Կոչ կ’ուղղենք բոլոր կողմերուն հեռու մնալու որեւէ բռնի գործողութենէն: Մենք բոլոր կողմերուն կը յիշեցնենք ժողովրդավարական սկզբունքները, որ զինեալ ուժերը պէտք չէ ներգրաւուած ըլլան ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ: Կը շարունակենք սատարել Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ ինքնիշխանութեան: Մենք կոչ կ’ուղղենք բոլոր կողմերուն իրավիճակը կարգաւորելու խաղաղ եղանակով` յարգելով օրէնքի գերակայութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք հետեւիլ իրավիճակին շատ մօտիկէն», ըսած էա ան: