«Ապառաժ».-Ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի մէջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերուն յիշատակի եւ բռնագաղթած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առիթով  28 Փետրուարին, խումբ մը դաշնակցականներ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի գլխաւորութեամբ այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են` ծաղիկներ զետեղելով Սումկայիթի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: