28 Փետրուարին Բաղրամեան պողոտային մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին կողմէ նախաձեռնուած «Մտաւորականութիւնը կանգնած է Հայոց բանակի կողքին» խորագիրով հաւաքը: Հաւաքի ընթացքին ելոյթներ ունեցան  շարք մը արուեստագէտներ, հնչեցին ազգային-ազատագրական երգեր:

Հաւաքը սկսաւ ՀՀ վաստակաւոր արթիսթ Շուշան Պետրոսեանի` «Երազ Իմ Երկիր Հայրենիք» երգի կատարումով: Շուշան Պետրոսեան երգելու ընթացքին եւ ելոյթի աւարտէն վերջ չկրցաւ յուզմունքը զսպել:

ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտնեց, որ մտաւորականներու մասնակցութեամբ յիշատակի եւ Հայոց բանակի զօրակցութեան հաւաքը ինքնաբուխ է, եւ ժողովուրդը ամօթալի  փաստաթուղթի ստորագրումէն անմիջապէս յետոյ ընդվզած է:

Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու առաջին պաշտպան, «Ընդդէմ Իրաւական Կամայականութեան» ՀԿ նախագահ Լարիսա Ալաւերտեան իր ելութով անդրադարձաւ սումկայիթեան ողբերգութեան 33-րդ տարելիցին: Ան յայտնեց, որ Սումկայիթը կը զգուշացնէր ողջ հայութիւնը:

Ան ըսաւ, որ  այսօր հայրենիքը վտանգի մէջ է, կ’ողջունէ Հայոց բանակը, պանծալի ռազմական վերնախաւի որոշումը: