Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ գիշերուան ժամը 10։16-ին, Իսրայէլ Կոլանէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին արձակուած հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։