Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները 4 հրթիռներ արձակեցին Հասիչէի կազ արտադրող «Ճպսա» գործարանէն դէպի Հոմսի «Ռայյան» կազի կայան երկարող կազատար խողովակներուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով կայանը վնասուեցաւ եւ աշխատանքէ դադրեցաւ։ Այսօր, Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Ճպսա-Ռայան» կազատար գխողովակին վերանորոգման աշխատանքները ամբողջացան։