“Երկիր Մետիա”._Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն յայտնած են. «Արցախի հարաւային թեւին մէջ՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած վայրերուն մէջ, 2 Մարտին իրականացած որոնումները արդիւնք չեն տուած: Աշխատանքներու հետեւանքով զոհուած զինուորական ծառայողի կամ քաղաքացիական անձերու դիակներ չեն յայտնաբերուած: Օրուան երկրորդ կիսուն Մարտակերտի զօրամասերէն մէկուն յարակից տարածքին մէջ զինուորները յայտնաբերած են մէկ զոհուած զինուորական ծառայողի մասունք: Դատաբժշկական փորձաքննութիւնը յայտնած է ինքնութիւնը: Որոնումները պիտի շարունակուին վաղը: Ուղղութիւններու մասին կը յայտնենք առաւօտեան: Աւելցնենք, որ զինադադարէն մինչեւ այսօր յայտնաբերուած է 1486 դիակ»: