Հետեւելով Վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող մարդուկին Հանրապետութեան հրապարակի այս օրուան ելոյթին, յականէ յանուանէ արձանագրուած մտածումներուն, բովանդակային առումով ընդգծելի են  նկատողութիւններ:
Այսպէս. միա՛յն  քաղաքական իրադարձութիւններու անցեալով ապրիլը հիւանդագին, անյարիր երեւոյթ է: Ոռոճալ անցեալը, իմա՛ 1 Մարտի անփառունակ միջադէպերը, որոնց ծալքերուն բացայայտումները դատական մարմիններու քննութեան նիւթ են տակաւին, արտօնելի չէ՛ հրապարակաւ, վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող մարդուկին կողմէ: Այս երեւոյթին կառչիլը  ցոյց կու տայ իր անհատական կանխահաս, ո՛չ իրաւացի եզրակացութիւնը, կը հանդիսանայ ակնյայտ ազդեցութիւն մը առկայ դատական թղթածրարին վրայ։
Բորբոքած վէրքերը բոցավառելը խելօք քաղաքական գոծիչի մօտեցում չէ, այլ կամակատար ստրուկի չարագործութիւն է: Իր Կարճ յիշողութիւնը թարմացնելով, կը յուշենք 1 Մարտ  2008-ի օրերուն հնչեցուցած իր գրգռիչ խօսքերը, որոնցմով ան կատաղած կը հրահրէր խռովարար ամբոխը շալկելու փայտի կտոր մը, քարի բեկոր մը ու հարուածելու իր ազգակիցը,  աւելի ճարճատելով շիկացած մթնոլորտը: Նոյն վարքագիծով այսօր եւս ողջախոհ, անմեղ քաղաքացիին հոգին շիկացնելով, անհեթեթ լօզունքներով ջրբաժան կը սերմանէ քաղաքացիներուն միջեւ, կասկածի տակ առնելով  իրաւական եւ օրէնսդրական հաստատութիւններուն առաքելութիւնը ու անոնց ներկայացուցիչներուն վարքը:
 Ուժային կառոյցներու մէջ շարունակական փոփոխութիւններ յառաջացնելը, իւրաքանչիւր քաղաքական քայլափոխի պետական բարձրագոյն պաշտօնեաներու վերադասաւորման՝ յարմարեցումներու եւ նշանակումներու  վարժութիւնը, կայացած պետական թիւ 1-ին վարքագիծը պէտք չէ ըլլայ. սա ամօթի խարան է քաղաքակիրթ պետականութեան հասցէին։ Պետութիւնը մէկ ամբողջութիւն է եւ կարելի չէ տարանջատել քաղաքական եւ զինուորական կառոյցները եւ լուսանցքէն անդին հրել մէկը՝ միւսին հաշուոյն։ Անժամանակ եւ գձուձ մեկնակէտերով պատերազմի անպատուաբեր արդիւնքներու յանցանքը բարդելը զինուորականութեան եւ սպայակոյտին վրայ ինքնարդարացման անընդունելի փորձ է:
Վարչապետին աթոռը զբաղեցնող մարդուկը, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը կոչելով ՀՀ գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնին, զինք կամակատարի չի կրնար վերածել: Տիտղոսներ շնորհելու, կրծքանշաններ պարգեւելու աժան միջոցներով  չի կրնար վարկաբեկել հայ սպան ու կաշառել անոր պատուախնդիր, վեհանձն հոգին: Մարդուկին կամայական հրամանին չենթարկուիլը անհնազանդութեան  ցուցանիշ չէ, այլ խրոխտ զինուորականի արդար ցասումին արտայայտութիւնն է այն սպային, որուն մէջ կը խայտան Վահագնի ծիները։
Օննիկ Գասպարեանի եւ սպայակոյտի յայտարարութիւնը չ՚ենթադրեր բնաւ զինուորական յեղաշրջման սպառնալիք, այլ՝ սեւի ճերմակի վրայ կը պահանջէ վարչապետի հրաժարական։ Հայկական ասպետականութեան վայել լրջութեամբ եւ հաւասակշռուած ելոյթներով հայ այրուցին կը վստահեցնէ , որ «անկախ Զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու փորձերուն, կը ՄՆԱՅ անդրդուելի, կշռադատուած եւ հաստատակամ»: Սպայակոյտը, մեկնած իրեն վստահուած ազգային ու սահմանադրական դերակատարութենէն, մանաւանդ երբ երկիրը ներքաշուած է անժամանակ պատերազմի մէջ, նուազագոյնը ունի բարոյական վարկ՝ պահանջելու վերջ տալ իշխանական  արկածախնդրական կործանիչ այժմու քաղաքականութեան։ Զինուորական շտապի վերջին յայտարարութիւնը կու գայ վստահեցնելու, որ «Զինուած ուժերը կ՚առաջնորդուին բացառապէս պետական շահով եւ կը ծառայեն միայն ու միայն իրենց ժողովուրդին՝ ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմադրութեան եւ իրաւունքի ձեւաչափերով»:
Այսպիսով, սպայակոյտի բոլոր ստորաբաժանումներու ղեկավարները միասնական, մէկ մարդու նման՝ ՎԵՐՋ ըսին սադրիչին պարտուողական քաղաքականութեան։
Վարչապետին կողմէ նշանակուած սպայապետը, եթէ ունակ չէր իր կոչումին, ինչո՞ւ նշանակուեցաւ եւ իրեն վստահուեցաւ երկրին ամէնէն նուրբ պաշտօններէն մին: Իսկ հիմա վարչապետը ինչո՞ւ հրապարակին մէջ կը հնչեցնէ.
ևՕննի՛կ ջան, դու մեծ սխալ ես թոյլ տուել, դու կատարել ես ժողովրդի կողմից մերժուած ու բոլոր հնարաւոր տեղերում փայ մտած՝ մեծ մերժուածի հրամանները։
Հին, ժանգ կապած հանկերգը   ամբարտաւանութեամբ հնչեցնելով, նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչին անունը վանկատելով,  Փաշինեան կը փորձէ շեղել հասարակութեան ուշադրութիւնը հրատապ առօրեայ մարտահրաւէրներէն, կասկածի տակ առնելով հայ սպային արժանապատուութիւնը:
Ինչ ձեւով ալ հանգուցալուծուի այս թնճուկը, մէկ պարզ իրականութեան առջեւ ենք, որ հայկական բանակը եւ հայ սպան կը մնան ապաւէնը ու միակ յոյսը հայ քաղաքացիին ու համայն հայութեան:
Ուշագրաւ էր նաեւ այն, որ  «մարդուկ»ը իր ելոյթի ընթացքին խուսափեցաւ գործածելէ յեղաշըրջման աքտի սահմանումը,  յետս կոչելով  օրեր առաջ հաւարի զանգեր հնչեցուցած իր կոչը, քանի որ  միջազգային դէտերն ու քաղաքական գործիչները բաւարար հիմք ու տուեալ չտեսան այսպէս ըսուած «զինուորական յեղաշրջման փորձ» անուանելու եղածը, հետեւաբար ալ ծաղրանքի արժանացաւ  իր շինծու «զինուորական յեղաշրջման» տոնքիշոթութիւնը: Հարկ է առանձնացնել ու բացառել թրքական վարչակարգի «մտահոգ» եւ «նախանձախնդիր» մօտեցումները՝ հանդէպ դրացի Հայաստանի կայունութեան: Մարդուկը թուրքին գութը  շարժելով ու արիւնոտ թթխմոր հայցելով թուրքէն, արժանի է միա՛յն պատուախնդիր հայու նախատինքին ու նզովքին:
Այսուհանդերձ, տակաւին հայրենի իշխանութենէն կը սպասենք համապատասխան արի կեցուածք, իրաւացի պատասխան մը տալով Թուրքիոյ վարչախումբին, թելադրելով որ ինք իր խորտակելի ապակափեղկով զբաղի եւ ազատ կացուցանէ Հայաստանի ժողովուրդը իր «յորդորներէն», աւելցնելով որ ինքնիշխան մեր երկիրը ատակ է  կարգաւորելու հայոց տունը առանց դրացիներու «բարի կամեցողութեան դրսեւորումներուն» եւ վե՛րջ:
Մարդուկը՝ պահուան լրջութիւնը կորսնցուցած, ի հեճուկս յերիւրածոյ հռետորական հմտութեան ու աճպարարութիւններու  ունակութեան, այս ամէնով իսկ, քաջութիւնը չունեցաւ արծարծելու ազգային գերխնդիրներու հարցը: Այսպէս, խուսափեցաւ անդրադառնալէ Արցախի կացութեան, Հայրենիքի դիմակայած տնտեսական, ընկերային, վարչական, քաղաքական եւ ապահովական ծայր աստիճան փխրուն իրավիճակներուն։ Կրկին շահարկեց մաշած հանկերգները, հինը այպանելով, ու իբր անմեղունակ առաջադրանք հասարակութեան մատուցելով դաւադրական թաքուն ծրագիր մը, ճամբայ հարթելով բազմաչարչար թաւիշի՝ կարապի երգին, նենգ սուրի շեղբը փայլեցնելով ժողովուրդի ազատ կամքին առաջ։
Այս փուլին նորութիւնը՝ սահմանդրութիւնը վերամշակելու անհըրաժեշտութեան կոչն էր: Այս ժամկէտին թուղթերը խառնելու, քաղաքացիին ու հանրութեան կիզակէտը ապակողնորոշելու ձախող փորձ մըն էր այս պահանջքը: Հայ հասարակութիւնը այլեւս իւղի պէս կուլ պիտի չտայ փուճ յայտարարութիւնները։ Ո՛չ մէկ բառ արտասանելով արտաքին քաղաքականութեան ու այն ամէն պատուհասներու մասին, որոնց առաջ կանգնած է հայրենիքը, աժան շահարկումովը քաղաքացիին համբերութեան, ժամանակ շահելով ան վերջին փորձերը կ՚ընէ իր իշխանութեան աթոռը պահելու ու իր թերաւարտ ազգադաւ ծրագիրները իրագործելու: Հայ քաղաքացին, որ պապակ կը սպասէ գործնական լուծումներու՝ իր դիմակալած ընկերային, ապրուստի եւ ապահովական հարցերուն, միակ ապաստանարանը կը գտնէ հրապարակներու երթին մէջ, ապաւինելով համաժողովրդային բաձրաձայն զայրոյթի գործընթացին, Ազգ + Բանակ = Յաղթանակ կարգախօսին:
Իր կողմէ գործուած բոլոր սխալներու համար թողութիւն խընդրելը քաղաքական կեանքի մէջ անընդունելի վարք է։ Արկածախընդրական միջոցառումներով պետութիւն ղեկավարելը եւ ետքը խոստովանանքի կրպակին առաջ՝ մեղքէ արձակում հայցելը մերժելի է ըստ ամէնայնի հայ հասարակութեան  բոլոր այն բաղադրիչներուն կողմէ, որոնց համար ազգային արժանապատուութիւնը պահպանելը գերխնդիր է, իսկ ազգի անձնատուութեան իւրաքանչիւր գործընթաց մերժելի է:
Իր գործած սխալներէն մէկը՝ յաճախ իր իշխանութեան սիրուած ըլլալը յիշեցնելու միամտութիւնն է: Ո՞ր սիրոյ մասին է ակնարկութիւնը: Արդեօ՞ք հազարաւոր նահատակներու արեամբ  իրականացուած հողատուի պարտուողական «իրագործում»ին համար է ակնարկութիւնը, թէ անհամար «ստեղծագործ եւ կառուցողական» սեւի եւ ճերմակի, նախկինի ու նորի վաճառանիշներուն իրաւատէրը ըլլալու հանգամանքն է:
Իր կործանարար ձեռքերով վատի եւ վատթարագոյնի ձեւաչափը ստեղծելով, վերջն ալ բեմականացուած չքմեղանքներով ընտրութեան մը հարկադրանքին առջեւ գտնուիլը, արգասիքն է իր առած անհեռատես որոշումներուն, որոնք դիտաւորեալ փակուղիի ու թնճուկային կացութեան հասցուցին ամբողջ երկիրը։
Վերջապէս վերոնշեալ իշխանաւորին վարքագիծը կը պարփակէ բռնատիրական վարչակարգերու բոլոր նախադրեալները, որոնց բարձրաձայն ոտնաձայնը յականէ յանուանէ արդէն կը լսենք հնչող նոր կարգախօսով՝ Վերջ Թաւիշին  «մոգական» ներկայացումով։
Քաղաքական կեանքի մէջ ծով արեամբ մեղքերու մուրհակները չըքմեղանքով եւ կոկորդիլոսի արցունքներով չեն անհետանար: Յանցագործի ամօթի խարանը երեսածածկով կարելի չէ քօղարկել:
Բոլոր մահացու մեղքերուն գինը պիտի վճարուի, անտարակո՛յս: Ազգը պիտի չներէ՛: Միայն Աստուած թող գթայ այս ողորմելիներուն վրայ:
Ժան Հալլաճեան