«Երկիր».- 5 Մարտին «Ենի Ատրպայճան» կուսակցութեան 7-րդ համագումարին իր ելոյթով Ատրպէճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսաւ. «Ես շատ բարձր կը գնահատեմ քաղաքական երկխօսութիւնը: Կը կարծեմ, որ երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է մեր երկրի ապագայ քաղաքական համակարգին, անոր կատարելագործման համար: Ես կոչ կ’ուղղեմ ինչպէս «Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն, նոյնպէս ալ անդամներուն` ուշադրութիւն դարձնելու այն փաստին, որ մենք որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան հետ հարցեր չունինք: Ապազգային տարրերուն հետ, անշուշտ, մենք երբեք չենք կրնար նստիլ նոյն սեղանին շուրջ, որովհետեւ անոնք դաւաճաններ են, դաւաճաններ» Անոր խօսքին համաձայն, այդ ուժերը հրահանգներ կը ստանան դուրսէն: «Անոնց գաղտնի պատուիրակները կը գտնուին օտարերկրեայ մայրաքաղաքներու մէջ: Հոնկէ հոս դրամ կ’ուղարկեն` ժողովուրդը շփոթեցնելու համար, անոնք կ’ուզեն շուքի տակ ձգել մեր փառահեղ յաղթանակը: Անոնք մեզ որպէս օրինակ ցոյց տուին Փաշինեանը, որուն անուանած են ազնիւ մարդ, անուանած՝ ժողովրդավար: Անոնք ըսին, որ երանի նման առաջնորդ ըլլայ Ատրպէյճանի մէջ: Այդ ժողովրդավարը ձերբակալած է ամբողջ ընդդիմութիւնը… Անոնց դէմ քրէական գործեր յարուցուած են», ըսած է Ալիեւ: