Երկուշաբթի, 8 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան պաշտօնական կայքէջը յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա ալ Ասատ պսակաձեւ ժահրը յայտնաբերող PCR-ի քննութեան ենթարկուած եւ արդիւնքի համաձայն անոնք պսակաձեւ ժահրով վարակուած են։ Նախագահն ու առաջին տիկինը առողջական կայուն իրավիճակի մէջ են, սակայն 3 շաբաթ որպէս մեկուսացման շրջան տունը մնալով բուժում պիտի ստանան։ Նախագահն ու առաջին տիկինը առողջութիւն կը մաղթեն բոլոր Սուրիոյ եւ համայն աշխարհի ժողովուրդին, եւ կոչ կ՚ուղղեն սուրիացիներուն յարգելու պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու բոլոր միջոցները։