Երկուշաբթի, 8 Մարտ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները պայթուցիկ ականներ տեղադրած էին Համայի արեւելեան Սալամիէ քաղաքի Ուատի Ազէպ շրջանին մէջ, որուն հետեւանքով 18 քաղաքացի զոհուեցաւ եւ 3 վիրաւորներ արձանագրուեցան։ Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան Սալամիէի հիւանդանոց։