Երեքշաբթի, 9 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Խալէտ Ռահմուն Լիբանանի փոխանցման շրջանի կառավարութեան ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշրֆիէի հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձի միջոցներուն շուրջ։ Ռահմուն հաստատեց, որ նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ տեղահանուածներուն տունդարձի գծով դիւրութիւններ տրամադրելու։ Նախարարութիւնը փոխադրակառքեր պիտի տրամադրէ սահմանները, իսկ տեղահանուածները ժամանակաւոր հաստատման կեդրոններ պիտի փոխադրէ, անոնց տրամադրելով բժշկական ծառայութիւն եւ ապրուստի անհրաժեշտ կարիքներ։