ՀՅԴ Բիւրոն 8 Մարտին հետեւեալ յայտարարութիւնները հրապարակսծ է”Մեր Հայրենիքի այս դժուարին օրերուն, ներքին-կազմակերպական տագնապալի օրեր կ՚ապրի նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին անդամ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի կառոյցը։ Երկար տարիներ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած խմբակ մը, հիմնականին մէջ՝ փառատենչութենէ տարուած, իրենց կարգ մը համախոհներով եւ որոշ այլ մոլորեալներով, Հ.Յ.Դ. Կազմակերպական կանոններու թիւր եւ կամայական մեկնաբանութիւններով խախտած են իրենց դաշնակցականի երդումը՝ «միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին եւ որոշումներուն»։ Այս խմբակը ունեցած է խիստ հակակարգապահական ընթացք. ի շարս այլ հակականոնագրային քայլերու՝ «գումարած» է ապօրինի «ժողով» և «ընտրած»՝ ապօրինի «մարմին» որ ապօրինի կերպով հանդէս կու գայ «ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ» անունով, կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»-ը իր վերահսկողութեան տակ կը պահէ ու զաւթած է կուսակցապատկան անշարժ և շարժական գոյքեր և դրամատնային հաշիւները։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն ձեռնարկած է քայլերու՝ շրջանին մէջ հաստատելու կազմակերպական կարգն ու անդորրը։ ՀՅԴ Կազմակերպական Կանոններուն համաձայն, կատարուած են կարգապահական տնօրինումներ, որոնց արտաքսումներու բաժինը կը հրատարակուի ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին մէջ: Կը գործէ օրինական Կեդրոնական Կոմիտէ, որ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ՀՅԴաշնակցութեան անունով հանդէս գալու շրջանային միակ օրինական եւ իրաւասու մարմինն է։ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչն է ընկ. Ռոստոմ Այնթապլեանը (Հեռ. +1650 303 9280)։ ՀՅԴ 130-ամեայ պատմութեան ընթացքին նման երեւոյթներ աննախընթաց չեն։ Վստահ ենք, ինչպէս անցեալին՝ ներկայիս եւս կուսակցութիւնը կը յաղթահարէ այս տագնապն ալ եւ անոր Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը շուտով կը վերագտնէ իր աշխոյժ դերը Դաշնակցութեան հայրենանուէր գործունէութեան եւ հայութեան ծառայութեան առաքելութեան ոլորտներէն ներս:

 

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ 8 Մարտ 2021թ.

ԱՐՏԱՔՍՈՒՄ ՀՅԴ ՇԱՐՔԵՐԷՆ

Հ.Յ.Դ. Բիւրօն Արեւմտեան Ամերիկայի տագնապի ստեղծման մէջ ծանր հակակարգապահական յանցանքներուն համար կուսակցութեան շարքերէն արտաքսած է ՀՅԴ Արևմտեան Ամերիկայի կազմակերպական շրջանի անդամներ՝ Աւետիք Իզմիրլեան, Քարմէն Օհանեան, Լեւոն Կիրակոսեան եւ Կարօ Իսբէնճեանը։ Անոնք մաս չեն կազմեր ՀՅԴաշնակցութեան և չեն ներկայացներ ՀՅԴաշնակցութեան որեւէ մարմին։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ 8 Մարտ 2021 թ.