ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ Հանրապետութեան նախագահը, առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտով, դիմում ներկայացուցած է Սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 15 Նոյեմբեր 2017_ի օրէնքին՝ Սահմանադրութեան համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով։ «Դիմումի ներկայացումը պայմանաւորուած է նաեւ նշուած օրէնքի իրաւակիրառ պրակտիկայում առկայ խնդիրներով, որոնք առաւել ակնյայտ դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետ Օննիկ Գասպարեանին պաշտօնից ազատելու վարչապետի նախաձեռնութեան եւ դրան յաջորդած սահմանադրական իրաւական գործընթացների արդիւնքում: Սահմանադրական դատարանը օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւնների շրջանակում հնարաւորութիւն ունի՝ համակողմանիօրէն եւ համակարգային առումով փոխկապակցուած քննութիւն իրականացնել եւ որոշում կայացնել: Ներկայացուած դիմումով Սահմանադրական դատարանի որոշումները եւ ձեռնարկուող հնարաւոր միջոցները կարող են լրջագոյն ազդեցութիւն ունենալ մինչեւ այժմ ընդունուած որոշումների, ստեղծուած իրավիճակին առնչուող ներկայիս եւ հետագայ գործընթացների վրայ՝ վերը նշուած օրէնքի մեկնաբանման եւ կիրառման համատեքստում: Հանրապետութեան նախագահը յոյս է յայտնում, որ հնարաւորինս արագ համապատասխան որոշման կայացումը իրաւական որոշակիութիւն կը բերի եւ կը նպաստի ներկայիս ճգնաժամի հանգուցալուծմանը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: