Բաղրամեան պողոտային մէջ 9 Մարտին սկիզբ առաւ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին կազմակերպած հանրահաւաքը։ Մասնակիցները պահանջեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին անյապաղ հրաժարականը։ հանրահաւաքի ընթացքին ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ մէկ ժամուան մէջ յայտնի պիտի ըլլայ վերջին շրջանին ազգային անվտանգութեան, զինեալ ուժերու միասնականութեան եւ այդ զինեալ ուժերուն դէմ Հայաստանի կառավարութեան, վարչապետի աթոռը ստանձնողին անօրինական յարձակումներուն առնչութեամբ նոր զարգացումներուն ընթացքը։ Գեղամ Մանուկեանի խօսքին համաձայն, Արմէն Սարգսեանի որոշումին լոյսին տակ յառաջիկայ տարիներու Հայաստանի տարածքին իր ներկայութիւնը, դերը եւ կարգավիճակը կը ճշդուի։ Ազգային Ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեան ելոյթ ունենալով Բաղրամեան պողոտային մէջ ընթացող հաւաքին, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքացիներուն բռնապետութեան դէմ ու ազատութեան համար իրենց տարած պայքարին համար։ Ան յայտնեց, որ հինգ հազար նահատակներու, գերեվարուածներու, անհետ կորածներու եւ բոլոր մեր կորուստներուն մասին հաշուետուութիւն տալու փոխարէն, մարդոց բանտերու մէջ փակելով, վարկաբեկելով միայն կը փորձեն իրենց իշխանութիւնը պահել։ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արթուր Խաչատրեան հանրահաւաքի հարթակէն յայտարարեց, թէ այն տարածքը, որ անոնք զիջած են թուրքերուն, Լիբանանին չափ է, Կիպրոսին չափ։ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ ԱԺ-ը կ’աշխատի միայն այն պարագային, երբ ընդունի մեր ժողովուրդին յարիր որոշում։ Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է ամէն գիշեր Բաղրամեանի մէջ 200-300 հոգի մարդ ըլլայ՝ պաշտպանելու համար վրանները։ Վազգէն Մանուկեանի ելոյթէն վերջ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները շրջափակեցին Ազգային ժողովին շէնքը, որմէ ետք ոստիկաններուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ բախում տեղի ունեցաւ: Մասնակիցները կը վանկարկէին՝ «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Ազգ, Բանակ, Յաղթանակ»։ Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց ոստիկաններուն արհեստական լարում չստեղծելու։ ՀՅԴ անդամ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց, որ իրենք շրջափակած են ԱԺ-ի շէնքը եւ թոյլ չենք տար, որ այս ԱԺ-ը այլեւս գործէ․ սա քայլ է։ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ արդէն 4 ամիսէ ի վեր ժողովուրդի բողոքին ձայնը իր վճռականութիւնը կ’արտայայտէ այս հողատուին իշխանութենէն հեռացնելու հարցով։ «Փաստօրէն Արմէն Սարգսեան իրավիճակը լարեց», Տեմիրճեան փողոցին մէջ անհնազանդութեան ցոյցի ընթացքին լրագրողի հարցումին ի պատասխան յայտարարեց Վազգէն Մանուկեանն ու ըսաւ, որ այլեւս աւելցնելու բան չունի։ Այնուհետեւ շարունակաբար ոստիկանական նոր ուժեր ժամանեցին Բաղրամեան պողոտայ։ Ոստիկանները զինուած էին վահաններով ու սաղաւարտներով, եւ շարքերով կը փորձէին քայլ առ քայլ յառաջանալ։ Քաղաքացիները անոնց գործողութիւններուն կ՚արձագանգէին սուլոցներով եւ «Ամօթ» վանկարկելով։ Քաղաքացիները Տեմիրճեան փողոցին մէջ վրաններ տեղադրած էին, խարոյկ վառած ու յայտարարած էին, որ հոն պիտի գիշերեն։ Ազգային ժողովին յարակից տարածքը՝ Բաղրամեան պողոտային եւ Տեմիրճեան փողոցին մէջ , հեղեղուած էր ոստիկաններով։ Լրատուամիջոցներուն կողմէն տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ գիշերը հաւանական էր ցուցարարները ուժով ցրելու գործողութիւններու իրականացումը։ Աւելցնենք, որ Իշխան Սաղաթէլեան աւելի ուշ յայտարարած էր, որ մայրաքաղաք ոստիկանական ուժեր բերուած են բոլոր մարզերէն։ Ան դիմած էր այդ ոստիկաններուն՝ կանգնելու բանակին կողքին եւ չենթարկուելու «խելագարի ապօրինի հրահանգներուն»։ Սաղաթէլեան նաեւ յայտարարած էր, որ իրենք մինչեւ վաղը 12։00–ը ժամանակ պիտի տան, որ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական տայ։ Անոր խօսքով, արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու մտադրութեան մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնները սուտ են: