Երեքշաբթի, 9 Մարտ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի պարտադրած պատժամիջոցներուն հետեւանքով, անգամ մը եւս քարիւղային արտադրութիւններուն Սուրիա ներածումը ուշացաւ, հետեւաբար Նախարարութիւնը կրկին որոշեց նահանգներուն տրամադրուած պենզինի քանակը նուազեցնել 15% տոկոսով, իսկ մազութը՝ 20% տոկոսով, մինչեւ համաձայնուած պահանջը Սուրիա հասնի եւ ստեղծուած տագնապը աստիճանաբար լուծուի։