Չորեքշաբթի, 10 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին սուրիական դպրոցներուն մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած աշակերտներուն թիւը սկսած է բազմանալ։ Իւրաքանչիւր շաբաթ, պաակաձեւ ժահրով վարակուած 20 աշակերտ կ՚արձանագրուէր, իսկ վերջին 15 օրուան ընթացքին, իւրաքանչիւր շաբաթ շուրջ 44 վարակուած պարագայ կ՚արձանագրուի։ Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց նահանգներու կրթութեան տնօրէնութիւններուն դպրոցներուն մէջ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման որդեգրուած միջոցները հետապնդելու եւ խստացնելու, յատկապէս աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմերուն պարտադրելու քթակապի օգտագործումը։