«Երկիր Մետիա».- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած է Հանրապետութեան վարչապետի յայտարարութիւնը՝ Օննիկ Գասպարեանը ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնէն իրաւունքի ուժով դադրած համարելու մասին: ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետ Օննիկ Գասպարեանի ուղերձին մէջ յիշուած է, որ իր դիրքորոշումը անփոփոխ է: «Հրապարակուած յայտարարութիւնը եւ պաշտօնէն դադրելու ողջ գործընթացը հակասահմանադրական են եւ հերթականօրէն կը հաստատեն, որ առկայ ճգնաժամի հայրենանպաստ լուծումը կարելի է ապահովել բացառապէս Հանրապետութեան վարչապետի հրաժարականին եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հետեւանքով: «Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ իրաւունքի գերակայութիւնը ապահովելու եւ ուժը բացառապէս իրաւունքի հիման վրայ իւրացնելու նպատակով դիմած եմ ՀՀ վարչական դատարան: Ես իմ ծառայութիւնս հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ պիտի շարունակեմ այլ կարգավիճակով: Յարգելի՛ գեներալներ, սպաներ եւ զինուորներ, Զինուած Ուժերու բացառիկ առաքելութիւնը հայրենիքի անվտանգութեան ապահովումն է, ուստի կը յորդորեմ շարունակել ձեր անձնուրաց եւ ազգանուէր ծառայութիւնը բացառապէս հայրենիքին եւ ժողովուրդին` յանուն զինեալ ուժերու զարգացման եւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումին», ըսուած է Գասպարեանի ուղերձին մէջ: