«Երկիր Մետիա».- ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ Սահմանադրական Դատարանը (այսուհետեւ՝ ՍԴ) ՀՀ նախագահին դիմումը ստացած է եւ ՍԴ քարտուղարութիւն մուտքագրուած է 10 Մարտին: ՍԴ-էն կատարուած մեկնաբանութեան համաձայն, ՀՀ նախագահը այդ դիմումով վիճարկած է «զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» ՀՀ օրէնքի 40-րդ յօդուածի 3-րդ մասի` Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1 մասին, 57–րդ յօդուածի 2–րդ մասին, 79–րդ յօդուածին ու 155–րդ յօդուածի 3–րդ մասին համապատասխանութեան հարցը: Յիշենք, որ «սահմանադրական դատարանի մասին օրէնքով»,Սահմանադրական Դատարանը 3 օր ժամանակ ունի նախագահէն ստացած դիմումի համապատասխանութիւնը ՍԴ–ի մասին օրէնքը յստակացնելու եւ, ըստ այդմ, գործառութիւնը ընդունելու կամ մերժելու : Անկէ վերջ ՍԴ աշխատակարգային նիստով քննարկուած է գործը գործադրութեան ընդունելու հարցը, իսկ ընդունելու պարագային կը նշանակուի դատական նիստ: Նշուած գործողութիւններուն համար սահմանուած ժամկէտը 1 ամիս է, այսինքն` դատական նիստը պիտի նշանակուի շուրջ 1 ամիս վերջ: