Ան չի ծնիր մեզի հետ, բայց ծնած օրէն կը սերմանուի մեր մէջ, մեզի հետ կը մեծնայ եւ որքան մեծնայ այնքան կը զօրանայ: Անիկա ոգին է:
Ոգին մեր մէջ սերմանուեցաւ, երբ մանկապարտէզի ուսուցչուհիները մեզի հայոց այբուբենը սորվեցուցին, երբ ՀՄԸՄ-ի գայլիկ, արծուիկ էինք եւ նոր-նոր կը սորվէինք մեր ազգային-յեղափոխական երգերը, երբ պատանեկան, երիտասարդական միութիւններէն դպրոցները կ՚այցելէին ու մեզի կը ծանօթացնէին Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը… ու ոգին կը մեծնար…: Ոգին կը մեծնար, երբ պատերազմի տարիներուն կը տեսնէինք մեր երէց ընկերները, որոնք ձմրան ցուրտին, ամրան տաքին եւ տարաբնոյթ պայմաններուն մէջ կը պաշտպանէին մեր թաղերը, երբ դժբախտաբար մեր նահատակ ընկերներուն յիշատակին վէրքերով լի կ՚երգէինք…:
Երբ տակաւին պատանի էի, կը կարծէի որ միայն մեր գաղութին մէջ կար ոգին: Միայն մենք էինք հայրենասէրը, կամաւորն ու անձնազոհը, բայց կը սխալէի..:
Պատերազմին բաւական ընկերներ գաղթեցին: Աշխարհի չորս կողմը ընկերներ ունէի այլեւս: Անոնք ալ ինծի պէս կը մտածէին: Քանատա, Ամերիկա, Աւստրալիա, Շուէտ, Աւստրիա, Քուէյթ եւ ուրիշ երկիրներ հաստատուելով եւ այդ երկիրներու հայ գաղութին հետ շփուելով իրենց զարմանքը յայտնած էին, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ, որ ձուլման վտանգին մէջ ապրողները թէեւ մեծամասնութեամբ իրենց լեզուն կորսընցուցած էին, բայց ոգին կար, ներկայ էր եւ կը շարունակէր մեծնալ ու զօրանալ անոնց մէջ:
Այսօր, երբ հայրենիքի գլխուն կախուած դամոկլեան սուրը կը ճօ-ճուի ու կը սպառնայ ոչնչացնել հայրենի պետականութիւնը, տարիներով մեծցած ու զօրացած այդ ոգին է, որ տարբեր կողմերէ ուժ կուտակելով Ո՛Չ կ՚ըսէ եւ կը մերժէ յանձնուողական ամէն յայտարարագիր, այդ նոյն ոգին է, որ օտար ափերու մէջ ծնած-մեծցած երիտասարդները կը կապէ իրարու, կը հաւաքէ զանոնք մէկ վերնագիրի տակ «ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»ի:
Վերջերս twitter-ի վրայ շատ հետաքրքրական շարժում մը նկատեցի: Դաշնակցական երիտասարդներ աշխարհի չորս կողմերէն, յաջորդաբար «Արիւնոտ Դրօշ» երգին տողերը կ՚ամբողջացնէին: Մէկը կը գրէր «Արիւնոտ դրօշ վեհ Դաշնակցութեան», միւսը շարունակելով՝ «Ծածանի ընդդէմ բռնակալութեան» եւ այսպէս շարունակ…: Ոգին է կրկին, որ նոյնիսկ զիրար երբեք չտեսած այս երիտասարդները կը միացնէր:
Բարեբախտաբար այսօր այդ ոգին կայ, ներկայ է նոր սերունդին մէջ, բայց ինչպէ՞ս սնուցանել զայն, որպէսզի գործով արդիւնաւորուի:
Ոգիին պէտք է միանայ միտքը: Իսկ միտքը զարգացնելու համար անհրաժեշտ է.-
ա- Շատ կարդալ, ուսումնասիրել այլազան գիրքեր, վերլուծութիւններ, տեղեկութիւններ,  տարբեր կարծիքներ ու գաղափարներ:
բ-  Կամուրջներ նետել գաղութէ-գաղութ, որպէսզի իւրաքանչիւր կամուրջէ անցնելով ոգին հարստանայ, նոր գաղափարներու ծնունդ տայ եւ գործի վերածուի:
գ- Միասնական ծրագիրներ  մշակել, եթէ ոչ համահայկական բանակումներու ձեւով՝ գէթ առցանց հաղորդակցութեամբ, դասախօսութիւններով, զրոյցներով, որոնք ապագային կրնան դառնալ հիմնասիւնը նոր աշխատանքներու, նոր ապագայի կերտման:
Վեհան Պարսումեան