Հօրեղբայրս որոշեր էր նոր հող գնել։ Պատառ մը հողը կամաց-կամաց սկսանք գեղեցիկ պարտէզի վերածել։ Նախ հող դարձնող մեքենան աւարտեց իր գործը։ Հայրս, հօրեղբայրներս եւ զարմիկներս ուրախութեամբ եւ սրտանց կþաշխատէին միասին։
Հայրս առաջարկեց, որ մենք զարմիկներով առանց որեւէ մէկուն օգնութեան հողը մաքրենք քարերէ ։
Անցանք գործի: Առտուները աշխոյժ կþարթննայինք եւ մեծ զարմիկիս հետ ինքնաշարժով կը մեկնէինք պարտէզ։ Կամաց-կամաց ամբողջ հողաշերտը մաքրեցինք քարերէն։ Ամէն ինչ շատ յաջող անցաւ։
Մեր հայրերը որոշեցին հոն դեղձենի տնկել: Միասին տնկեցինք ծառերը։ Զարմիկներս եւ ես յանձն առինք ջրել զանոնք։ Անոնք մեծցան եւ հիմա արդէն առատ պտուղ կը քաղենք։
Պատանեկան տարիքէս այդ փորձառութիւնը շատ օգտակար եղաւ ինծի համար։ Զգացի  եւ վայելեցի հաւաքական աշխատանքի  հաճոյքը եւ արդիւնքը:
Իսկ դուք՝ նման փորձառութիւն ունեցա՞ծ էք։ Զգացած էք աշխատանքի մը հաճոյքը։
Նորայր  Դանիէլեան
ԺԱ. կարգ
Քեսապի Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան