“Արմէնփրէս”._ ԵԱՀԿ գործող նախագահ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտեն 15 Մարտին կ’այցելէ Ատրպէյճան: «Անն Լինտեն Ատրպէյճանի մէջ հանդիպումներ կ’ունենայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի հետ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ ԵԱՀԿ շարունակական դերակատարութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացկն մէջ: Անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ ԵԱՀԿ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործակցութեան ամրապնդման», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: ԵԱՀԿ գործող նախագահ Անն Լինտեն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներուն հետ: