Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին մօտ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Ծառուկեանի հետ գործակցութիւնը պիտի շարունակենք, փողոցային պայքարը ընթացքի մեջ է։ Ան յայտնեց, որ Փաշինեանին պահանջը յայտնի է՝ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը իր հետ յուշագիր ստորագրէ, որ վարչապետի թեկնածու չառաջադրուի, եւ արտահերթ ընտրութիւններ կատարուին, բայց Իշխան Սաղաթէլեանին համար անհասկնալի է այս պահանջին տրամաբանութիւնը, քանի որ, անկախ ընդդիմադիրներուն, թեկնածու առաջադրել-չառաջադրելէ, եթէ իմքայլականները ընտրեն իրենց թեկնածուն, ան կ’ընտրուի։ Իշխան Սաղաթէլեան կ’եզրակացնէ, որ այս պահանջին հիմքը Փաշինեանին արդէն քաղաքական մեծամասնութիւն չունենալն է եւ յուշագիր պէտք է ստորագրէ իմքայլական պատգամաւորներուն հետ, որպէսզի ընտրեն իրենց թեկնածուն, ոչ թէ ընդդիմութեան։ Սաղաթէլեան նկատեց, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեան կ’ուզէ ընտրութիւններ կազմակերպել, ազատ կրնայ ընել, խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսկացութիւնները հոն ընելիք չունին։ Ան վստահեցուց, որ անկախ ԲՀԿ-ի յայտարարութենէն, որ առանց Փաշինեանի պատրաստ են անյապաղ արտահերթ ընտրութիւններուն, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը կը մնայ հին դիրքորոշումին, որ Փաշինեանին հրաժարականէն վերջ պէտք է 1 տարի գործէ ժամանակաւոր կառավարութիւնը, եւ կատարեն արտահերթ ընտրութիւններ։ Սա, ըստ Սաղաթէլեանին, ոչ թէ տարաձայնութիւն է ԲՀԿ-ի ու Շարժման միջեւ, այլ տարբեր մօտեցումներ՝ չարիքի կառավարութիւնը հեռացնելու համար։ Ան դիտել տուաւ, որ անփոփոխ են ոչ միայն իրենց դիրքորոշումները, այլեւ իրենց վերաբերմունքը նախագահի կազմակերպած քննարկումներուն առնչութեամբ։ Ան վստահեցուց, որ որեւէ մէկը դէմ չէ արտահերթ ընտրութիւններուն, խնդիրը, թէ ինչ հարց պիտի լուծենք արտահերթ ընտրութիւններով։ Ան դիտել տուաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք ընտրութիւնները միջոց կը գտնեն ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու համար, իրենց կարծիքով, ընտրութիւնները կինան աւելի խորացնել ճգնաժամը, եթէ այդ ընտրութիւնները կազմակերպեն այսօրուան իշխանութիւնները։