Ազգային ժողովի Բաղրամեան պողոտայի մուտքին դիմաց ՀՅԴ երիտասարդները 15 Մարտին ցոյց իրականացուցին: Անոնք իրենց հետ բերած էին Շահան Նաթալի «Թուրքերը եւ Մենք» գիրքը՝ փափաքելով ձգել ԱԺ անցակէտին մէջ, որպէսզի փոխանցեն «Իմ քայլը» խմբակցութեան։ «Սողոմոն Թեհլիրեանին իրականացուցած արարքին 100 ամեակն է: Կ’ուզենք «Թուրքերը եւ Մենք» գիրքը նուիրել «Իմ քայլը» խմբակցութեան։ Վստահ եմ, որ այս ֆրաքցիային մեծ մասը այսօրուան կարեւորութեան եւ «Նեմեսիս» գործողութեան մասին տեղեակ չէ, տեղեակ ըլլալէն շատ անտարբեր է: Վստահ եմ, եթէ իրենք այդ ժամանակ հայկական իրականութեան մեջ ըլլային դերակատարողներ, «Նեմեսիս» գործողութիւնը տեղի չէր ունենար,եւ եթէ դերակատարող չըլլային, իբրեւ չակերտաւոր՝ մարդասէրներ եւ թրքասէրներ կը դատապարտէին «Նեմեսիս» գործողութիւնը», յայտնեց ՀՅԴ անդամ Գոռ Սարգսեան: Ան դիտել տուաւ, որ «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամները պէտք է կարդան, հասկնան, որ հայոց պատմութեան մեջ հայ դաւաճաններուն միշտ տուած են իրենց պատիժը. «Ամէն ժամակահատուած՝ այդ ժամանահատուածին բնորոշ պատիժ եղած է եւ «Իմ քայլը» թող իրենց մէջ գտնեն դաւաճանները եւ սպասեն այսօրուան ժամանակաշրջանին համապատասխան պատիժին, որովհետեւ այս իշխանութիւնները դաւաճանական գործողութիւն է իրականացուցած են՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ»: Անոնք յայտնեցին, որ գիրքնմը այսօրուան իրականութեան եւ թուրքերու հետ բարեկամութեան մասին է, իսկ այսօրուան կեղծ խաղաղասիրութեան առաջամարտիկներն էին, որ մեր երկիրը այս օրուան բերին։ Ոստիկանները ցոյցի մասնակիցներուն ըսին, որ անցակէտի մէջ մարդ չկայ եւ չեն կրնար գիրքը փոխանցել: Ցոյցին մասնակիցները ըսին, որ գիրքը փոստով պիտի ուղարկեն «Իմ քայլ»-ը խմբակցութեան. «Յատկապէս կ’ուզենք Անդրանիկ Քոչարեանն ու քանի մը պատգամաւորներ կարդան»: