“Երկիր”._Առցանց ձևաչափով 15 Մարտին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու գլխաւոր խմբագիրներու տարածաշրջանային 5-րդ եւ վերջին ժողովը: Ժողովի ընթացքին համակարգող խորհուրդի անդամները զեկոյց ներկայացուցած են նախորդ 4 առցանց տարածաշրջանային ժողովներուն մասին, որմէ ետք մասնակիցները քննարկումներու միջոցով իրենց գնահատականներն ու առաջարկները յայտնած են։ Քննարկումներու նիւթերը առնչուած էին յետպատերազմեան փուլի տեղեկատուական հարցերուն, լրագրողական համահայկական ցանցի յաւելեալ կայացման, համակարգող խորհուրդի աշխարհագրութեան ընդլայնման եւ յառաջիկայ համաժողովի կազմակերպման անհրաժեշտութեան։ Համակարգող խորհուրդի անդամները հաստատած են, որ շուտով տեղի պիտի ունենայ խորհուրդի լիագումար նիստը, ուր պիտի քննարկուին տարածաշրջանային 5 ժողովներու ընթացքին հնչած առաջարկները եւ յառաջիկայ գործունէութեան ծրագիրը։