“Երկիր”._Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը նախաձեռնած է կառուցել Եղբայրական գերեզմանոցի նոր հատուածը, ուր կը ննջեն 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով անմահացած հերոսները: «Քաղաքային իշխանութիւններուն այս որոշումը պայմանաւորուած է մեր սուրբ նահատակներու ընտանիքներուն տնտեսական ծանրաբեռնուածութենէն ազատելու ցանկութեամբ: Բացի այդ, իւրաքանչիւրիս պարտքն է փայփայել մեր տղոց անմար յիշատակը եւ նեցուկ կանգնիլ անոնց հարազատներուն: Նաեւ կը տեղեկացնենք, որ շինարարութիւնը պիտի ընթանայ փուլային տարբերակով եւ անպայման պիտի քննարկուի ու նկատի պիտի առնուի զոհուածներու ընտանիքներիմուն նկատառումները՝ տապանաքարերու, նկարներու եւ այլ նրբութիւններու մասին», յայտնած են Ստեփանակերտի քաղաքապետարանէն։