«Երկիր».-Mediaport-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգով ուժայինները ԳՇ նախկին պետ Օննիկ Գասպարեանի գործը ստանձնող դատաւոր Մհեր Պետրոսեանին վրայ ճնշում գործադրած են, որպէսզի չամբողջացնէ հայցի ապահովման միջոց կիրառելու միջնորդութիւնը: Դատաւորին դէմ գործադրուած են բոլոր կարելի միջոցները` սպառնալիք, շանթաժ, մտերիմներու վրայ ճնշումներ: Դատարանի որոշումէն վերջ պիտի ներկայացուին մանրամասնութիւններ ու անուններ: Յիշեցնենք, որ Գասպարեան դիմած էր վարչական դատարան` իր դադրելու հրամանը ապօրինի ըլլալուն պահանջով, որ մակագրուած էր վարչական դատարանի դատաւոր Մհեր Պետրոսեանին: