Այսօրուընէ համացանցի վրայ կարելի է ընթերցել «Դրօշակ» ամսագիրի 2021 թուականի երրորդ թիւը: Բնականաբար այս թիւի նիւթերուն զգալի մասը նուիրուած է ներկայ օրերուն` հայութեան համար փոթորկուն իրադարձութիւններուն: Կարելի է ըսել, նաեւ, որ գրեթէ բոլոր հրապարակումները կը կրեն այդ շունչը կամ անոր ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւնը: Ներքաղաքական մտահոգիչ առօրեայի անդրադարձը համարի «առաջնորդող»ն է: Նոյն իրականութեան գնահատումը կը կատարէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը` պատասխանելով «Դրօշակ»ի հարցերուն: Հետաքրքրական այս հարցազրոյցով անդրադարձ կայ նաեւ ֆրանսահայ համայնքին, որ, իբրեւ հայութեան մէկ հատուած, նոյնպէս անմասն չէ հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Մուրատ Փափազեան կը պատմէ նաեւ Ֆրանսայի իշխանութեան, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եռանախագահութեան անդամի, տեսակէտներու մասին Արցախի շուրջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած ճակատագրական իրադարձութիւններուն մասին: Վարդան Յակոբեանի վերլուծութիւնը կ’ընդգրկէ լայն շրջագիծ ներառելով նաեւ հայ-ատրպէյճանական դիմակայութեան ընթացքին նկատմամբ շահագրգիռ տէրութիւններու դիրքորոշումները եւ մեզի համար կարելի զարգացումները: Ատրպէյճանագէտ Արտեօմ Տօնոյեան կ’անդրադառնայ ներքաղաքական իրողութիւններուն ու տրամադրութիւններուն, որոնք պատերազմէն վերջ կը գերիշխեն Ատրպէյճանի մէջ, իսկ իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան կ’ուրուագծէ Իրանի դիրքորոշումները, որոնք որոշակի զարգացումներ կրնան ապրիլ տարածաշրջանային նոր իրողութիւններով: Ազգային անվտանգութեան հարցերու մէջ մասնագիտացող Արփի Աբրահամեան կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող այն իրաւական հիմքը, որ կը կարգաւորէ երկու երկիրներու միջեւ եղած ռազմական գործակցութեան հարցերը: Պաշտօնաթերթի գերիշխող նիւթը որոշակիօրէն կը լրացնէ Անի Մելքոնեանին յօդուածը, որուն մէջ կը լուսաբանուի բանթիւրքիզմի երեւոյթը եւ հակահայ բնոյթն ու նպատակները: 1921 թուականի ռուս-թրքական պայմանագիրի կնքումը մեզի համար ճակատագրական նուիրուած իրադարձութիւն է պատմաբան Արարատ Յակոբեանի յօդուածով, որուն մէջ ներկայացուած են հետաքրքրական բազմաթիւ փաստեր: Ընթերցողի հետաքրքրութեան կ’արժանանայ նաեւ Հայաստանեան մէկ հրատարակութեան առիթով Վրէժ-Արմէն Արթինեանին անդրադարձը Հայաստանի խորհրդային ժամանակաշրջանին` հակասական բնոյթին: