Երեքշաբթի, 16 Մարտ 2021-ին, սուրիական «B2B-sy» կայքը հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի Համաշխարհային Պարէնի Ծրագիրին համաձայն, մէկ տարուան ընթացքին, Սուրիոյ մէջ սննդեղէնը 222% տոկոսով բարձրացած է։ Այսօր, Սուրիոյ մէջ 12,4 միլիոն քաղաքացի կարողութիւն չունի իր առօրեայ սնունդը ապահովելու։ Ծրագիրի Սուրիոյ ներկայացուցիչ Շոն Օփրայն յայտնեց, ո ժողովուրդին իրավիճակը մտահոգիչ է, 10 տարուան պատերազմէն ետք ընտանիքները սպառած են իրենց ամբարած գումարները եւ կը տառապին տնտեսական պատժամիջոցներու դառն հետեւանքներէն։