Երեքշաբթի, 16 Մարտ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը՝ յայտնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելով եւ Սուրիոյ, ի մասնաւորի անոր ժողովուրդին, տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանելով մասնակից կը դառնայ սուրիացիներուն արիւնահեղութեան եւ տառապանքին։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան Սուրիոյ մասին կազմակերպած խորհրդաժողովները, որոնց մաս կը կազմեն հակասուրիական կողմեր, կը փաստեն Սուրիոյ հանդէպ միութեան ունեցած թշնամական դիրքորոշումը։ Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ պատերազմէն 10 տարի ետք, տակաւին կը շարունակենք դատապարտել Եւրոպական Միութեան որդեգրած ձախող եւ թշնամական քաղաքականութիւնը։ Պիտի նախընտրէինք, որ 10 տարի ետք, Եւրոպական Միութիւնը անդրադառնար իր ձախող ու ապարդիւն քաղաքականութեան եւ Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը պահպանելու հիմքը նկատի ունենալով դիրքորոշուէր»։