ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի հա­յազ­գի խա­ղա­ցող Մար­տիկ Մար­տիկ­եան, նոր պայ­մա­նագ­րու­թիւն պի­տի ստո­րագ­րէ Յոր­դա­նա­նի Ֆէյ­սա­լի խում­բին մի­ա­նա­լու հա­մար: Ըստ մար­զա­կան լրատ­ուա­կան կայ­քէ­ջե­րու, Մար­տիկ­եան հա­մա­ձայ­նա­բար Հթ­թին ակում­բի վար­չու­թեան հետ, չեղ­եալ նկա­տած է իրենց մի­ջեւ եղած պայ­մա­նագ­րու­թիւնը, եւ ստա­ցած է Ֆէյ­սալի­ն մի­ա­նա­լու իրա­ւուն­քը:
– ՀՄԸՄ-ի ճատ­րա­կի խում­բէն կրտ­սեր մար­զիկ՝ Ար­սէն Գին­եան, Շա­բաթ, 20 Մարտ 2021-ին, եր­կա­րա­շունչ խա­ղէ մը ետք Սուր­իոյ (10) տա­րե­կան­նե­րու խմ­բա­ւոր­ման յա­ջո­ղե­ցաւ տի­րա­նալ Սուր­իոյ Ախոյ­եա­նու­թեան:
– Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը ժա­մա­նեց Մա­նա­մէ, բա­րե­կա­մա­կան եր­կու հան­դի­պում­ներ կա­տա­րե­լու հա­մար Պահ­րէյ­նի եւ Իրա­նի հա­ւա­քա­կան­նե­րուն հետ:
– Սուր­իոյ պաս­քեթի աղջ­կանց Ա- դա­սա­կար­գի ախոյ­եա­նու­թեան մըր­ցում­նե­րուն, ՀԵԸ-ի աղջ­կանց խում­բը 70-52 ար­դիւն­քով պարտւ­թեան մատն­ուե­ցաւ Ճա­լ­ա­ա­-էն:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ԶԻ­ՏԱՆ ԹԵԿ­ՆԱ­ԾՈՒ Է ՖՐԱՆ­ՍԱ­ՅԻ
ՀԱ­ՒԱ­ՔԱ­ԿԱ­ՆԻ ՄԱՐ­ԶԻ­ՉԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ
Ֆրան­սա­յի հա­ւա­քա­կա­նի գլ­խա­ւոր մար­զիչ Տի­շամբ երաշ­խա­ւո­րեց Զի­տա­նը ստանձ­նե­լու հա­մար մար­զի­չի պաշ­տօ­նը: Ան ըսաւ. «2022-ի Եւ­րո­պա­յի ախոյ­եա­նա­կան մր­ցում­նե­րէն ետք կ’աւար­տի իմ ժա­մա­նա­կաշըր­ջա­նը, եւ կը կար­ծեմ թէ Զի­տան զիս յա­ջոր­դող լա­ւա­գոյն թեկ­նա­ծուն է»: Ֆրան­սա­կան Ֆութ Միր­քա­թօ թեր­թին հետ զրոյ­ցին Տի­շամբ նա­եւ անդ­րա­դար­ձաւ Զի­տա­նի ար­ձա­նագ­րած նուա­ճում­նե­րուն որ­պէս հա­ւա­քա­կա­նի խա­ղա­ցող, ապա մար­զիչ, յայտ­նե­լով որ ան ներ­կա­յիս ֆրան­սա­ցի լա­ւա­գոյն մար­զիչ­նե­րէն մէկն է:
Յի­շենք որ Տի­շամբ 2018-ին Ֆրան­սա­յի հա­ւա­քա­կա­նին հետ տի­րա­ցաւ աշ­խար­հի ախոյ­եա­նու­թեան:
ՎԱՍ­ՔԷՍ ՊԱ­ՀԱՆՋ­ՈՒԱԾ Է
ԱՆԳԼ­Ի­Ա­ԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲ­ՆԵ­ՐԷ
Սպան­իոյ մայ­րա­քա­ղա­քի Ռէ­ալ Մատ­րի­տի խա­ղա­ցող Լու­քաս Վաս­քէ­սը, ակում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց թէ ան կը փա­փա­քի լքել կազ­մը եւ մի­ա­նալ այլ խում­բի: Վաս­քէ­սի այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նէն ետք, անգլ­ի­ա­կան եր­կու ակումբ­ներ՝ Ար­սե­նալն ու Թո­թեն­հա­մը առա­ջար­կե­ցին անոր մի­ա­նա­լու իրենց խում­բին: Ըստ անգլ­ի­ա­կան «Մի­րըր» թեր­թին, 29 տա­րե­կան խա­ղա­ցո­ղին պայ­մա­նա­գի­րը կ’աւար­տի այս տա­րեշր­ջա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, եւ անոր փո­խանց­ման արար­ողու­թիւնը կ’ըն­թա­նայ ազատ կար­գա­վի­ճա­կով: Աւելցնենք որ սպա­նա­կան ակում­բը երեք տար­ուայ նոր պայ­մա­նա­գիր առա­ջար­կած էր Վաս­քէ­սին, բայց ան մեր­ժած է Մատ­րիտ­եան առա­ջա­րկը:
ՉԵՄՓԻ­ԸՆԶ ԼԻ­ԿԻ ՎԻ­ՃԱ­ԿԱ­ՀԱ­ՆՈՒ­ՄԻՆ ԱՐ­ԴԻՒՆ­ՔՈՎ
ՈՒ­ԺԵՂ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ­ՆԵՐ ՏԵ­ՂԻ ՊԻ­ՏԻ ՈՒ­ՆԵ­ՆԱՆ
Եւ­րո­պա­յի ֆութ­պո­լի դաշ­նու­թեան ՈՒԵ­ՖԱ-ի նս­տա­վայր Նի­ո­նի մէջ կա­յա­ցաւ Չեմփի­ընզ լի­կի քա­ռորդ եզ­րա­փա­կիչ եւ կի­սա­եզ­րա­փա­կիչ հանգր­ուան­նե­րու վի­ճա­կա­հա­նու­թիւնը: Գոր­ծող գա­ւա­թա­կիր Պա­յերն Միւ­նեխ նախ մր­ցա­կից պի­տի ու­նե­նայ Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նը, որուն եթէ յաղ­թէ մր­ցա­կից պի­տի ու­նե­նայ Ռէ­ալ Մատ­րիտ Լի­վըր­փուլ հան­դի­պու­մի յաղ­թո­ղին: Անգլ­ի­ա­կան Ման­չես­թըր Սի­թին 1/4 եզ­րա­փա­կի­չին պի­տի մր­ցի Պո­րիս­իա Տորթ­մուն­տին հետ, իսկ Լոն­տո­նի Չել­սին՝ Փոր­թու­կալ­եան Փոր­թո­յին հետ: Այս զոյ­գե­րու յաղ­թող­նե­րը պի­տի հան­դի­պին կի­սա­եզ­րա­փա­կի­չին: Քա­ռորդ եզ­րա­փա­կիչ հան­դի­պու­մի մր­ցում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ապ­րիլ 6-7-ին եւ Ապ­րիլ 13-14-ին: Կի­սա­եզ­րա­փա­կիչ խա­ղե­րը նա­խա­տես­ուած են Ապ­րիլ 27-28-ին եւ Մա­յիս 4-5-ին։ Աւար­տա­կան մր­ցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 29 Մա­յի­սին: