ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
-ՀՄԸՄ ճատրակի խումբէն քոյր Սինթիա Մախխուլ Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2021-ին, գրաւեց Սուրիոյ Աղջկանց Ախոյեանութեան (14) տարեկաններու խմբաւորման երկրորդ պատուաբեր դիրքը, արժանանալով Սուրիոյ աղջկանց ճատրակի երկրորդութեան։
-FIFA-ի ժամանակաշրջանի բարեկամական մրցումներու շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը Մանամէյի մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Պահրէյնէն: Մրցումին արդիւնքը դժգոհութիւն ստեղծեց ժողովուրդին մօտ, որուն մեծամասնութիւնը մտահոգ էր խաղացողներու մակարդակէն:
-ՀԵԸ-ի պասքեթի աղջկանց խումբը Դամասկոսի մէջ արձանագրեց երկու պարտութիւն: Առաջինը Քասիունէն 79-54, իսկ երկրորդը Ուահտէի աղջկանց կազմէն 80-75 արդիւնքով:
-Հալէպի Ճալաա-ի պասքեթի երիտասարդական տղոց խումբը տիրացաւ Սուրիոյ ախոյեանութեան, աւարտական մրցումին 92-83 արդիւնքով  պարտութեան մատնելով դրացի Իթթիհատը:
-Սուրիոյ երիտասարդական տարիքի ֆութպոլի մրցումներուն, Հալէպի Իթթիհատի ֆութպոլի խումբը  տիրացաւ Սուրիոյ ախոյեանութեան, պարտութեան մատնելով Դամասկոսի Մուհաֆազան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԻՍԼԱՆՏԱՅԻՆ ՅԱՂԹԵՑ
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը  տօնեց իր երկրորդ  յաղթանակը 2022 թուականի աշխարհի առաջնութեան ընտրական մրցաշարքին եւ գլխաւորեց իր խմբակի մրցաշարքային աղիւսակը: Կիրակի օր 2-րդ փուլի խաղին Հայաստանի հաւաքականը հիւրընկալեց  Իսլանտայի ազգային կազմը: Հայ պաշտպանողական դիրքի մարզիկները բաւական  յաջող պայքար մղեցին իսլանտացիներու բարձրահասակ յարձակողներուն դէմ, թոյլ չտուին անոնց ազատօրէն իշխելու խաղին: Մրցումին աստղերէն մէկն էր նաեւ դարպասապահ Դաւիթ Իւրչենկօն, որ երկու անգամ կրցաւ փրկել դարպասը մրցակիցի վտանգաւոր գնդակներէն: Առաջին կիսախաղը հաւասար աւարտելէ ետք, Հայաստանի հաւաքականը երկրորդ փուլին մուտք գործեց աւելի կազմակերպուած. 53-րդ վայրկեանին  Տիգրան Բարսեղեան անհատական աշխատանքով յաջողեցաւ նշանակել Հայաստանի առաջին կոլը: Կազմը նոյն թափով շարունակելով խտացուց իր յարձակումները, որոնց շնորհիւ յաղթական դուրս եկաւ։
ՄԻԼԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑ ԻՊՐԱՀԻՄՈՎԻՉԻ
ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Իտալիոյ Միլան ակումբը իր պաշտօնական էջին վրայ արձանագրեց, որ վարչակազմը մէկ տարիով երկարաձգած է խումբի յարձակողական խաղացող Իպրահիմովիչին պայմանագրութիւնը: Ակումբի յայտարարութեան մասին անդրարաձաւ նաեւ Իտալական Լակազէթա Սփորթ օրաթերթը, յայտնելով որ անոր պայմանագրութիւնը նկատի առնուեցաւ մինչեւ 2022 տարեշրջանի աւարտը: Աւելցնենք, որ Իպրահիմովիչ այս տարի Միլանին հետ մաս կազմեց 15 մրցումներու, նշանակելով 15 կոլ:
ԼՈՒՔԱՔՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է
ԵՐԵՔ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐԷ
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի վարչակազմը փափաք յայտնած է խումբին միացնել երկու յարձակողական խաղացողներէն մէկը, Իրլինկ Հալանտը կամ Քիլիան Ըմպապէն, որոնց համար ան յատկացուցած է 150 միլիոն եւրօ: Ըստ անգլիական «Թելեկրաֆ» թերթին, եթէ սոյն բանակցութիւնները ձախողին, Ռէալը մտադիր է առաջարկ մը ներկայացնել Իտալական Ինթէր Միլանին, խումբին միացնելու համար Պելճիքացի Լուքաքուն, որ պահանջուած է նաեւ Պարսելոնայի եւ Չելսիի կողմէ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ