Հաւկիթը բեղմնաւորման, աճման եւ սերընդագործութեան խորհրդանիշ համարուած է:  Եգիպտացիները որպէս նուիրական ընծայ ներկուած հաւկիթ կը փոխանակէին: Իրանի մէջ Նոր տարուան առիթով, ներկուած հաւկիթ կը նուիրէին:  Հայերուն մօտ Ճրագալոյցի երեկոյեան, ընթրիքը կը բաղկանար ձուկէ եւ շոմինէ (սպանախ), վրան կտրուած հաւկիթ: Իրանահայերը սովորութիւն ունին քուքու փիլաւ պատրաստելու: Հնդիկներուն մօտ ալ խորհրդանշական ձեւով  տարածուած էր հաւկիթը: Աւանդութիւնները կ’ըսեն.
Մարիամ Մագթաղինացին կը մեկնի Հռոմ Աւետարանը քարոզելու համար: Ան կը ներկայանայ Տիփերիոս կայսեր եւ անոր կը նուիրէ կարմիր ձու, ըսելով՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» եւ ապա կը սկսի Աւետարանի քարոզչութիւնը:
Հին հռոմէացիներն ու յոյները հաւկիթ կը նուիրէին իրենց աստուածներուն՝ սրբուելու եւ մաքրուելու համար:
Կրօններու մէջ հաւկիթը կը համարուէր նաեւ Յարութեան խորհրդանիշ, քանի որ իր մէջ կը պարունակէր կեանքի նոր սերմը: Հաւկիթը կը ներկէին կարմիր գոյնով՝ որպէս ուրախութեան խորհրդանիշ: Հետեւաբար հաւկիթը որպէս խորհրդանիշ՝ կը պատկանի նախաքրիստոնէական շրջանին, իսկ հաւկիթ ներկելը մաս կը կազմէր գարնան հանդիսութիւններուն: Քրիստոնեաներուն մօտ կարմիր գոյնը խորհրդանշեց Քրիստոսի յեղած արիւնը:
Զրադաշտականներուն մօտ ցարդ արարողութեան ընթացքին կը գործածուի հաւկիթը, իսկ պարսիկները Նեւռուզի սեղանին վրայ կը դնեն նաեւ հաւկիթ:
Հայաստանի մէջ հաւկիթը խորհրդանշանն էր յարութեան ու վերածնունդին, այդ պատճառով Զատկին սովորութիւն էր իրարու հաւկիթ նուիրելը։
Վահան Վարդապետ Տէր-Մինասեան իր «Անգիր Դպրութիւն»-Բ. Հատորին մէջ կը գրէ. «Հաւկիթը աշխարհիս մէջ ամէն տեղ կայ, միայն կարմիր ներկը ամէն տեղ չկար։ Սա յայտնի է թէ կարմիր ներկին հայրենիքը արեւելքն է, ուր կը գտնուի Որդան Կարմիր անուն բերքը, որմէ կ’արտադրուի կարմիր ներկը եւ ուրկէ կը տարածուի բոլոր աշխարհը։ …Կարմիր ներկն ու հաւկիթը իրար գտեր եւ իրարու հետ այսպիսի խնամութիւն մը ըրեր են։ …Եւ որովհետեւ կարմիրն է հայոց իբր սիրական գոյն, եւ հայերն էին ի բնէ բնապաշտ, եւ բնութեան գերընտիր բերքն է Որդան-կարմիրը եւ բնութեան ծննդաբերութեանց մէջ հրաշալիքն է հաւկիթը, ուստի հայերը զայն Որդան-կարմիրով զարդարուն ընելով նուիրագործած են»…։
Ս. Գրիգոր Տաթեւացին կարմիր հաւկիթ ներկելու սովորութիւնը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Զատկին նախորդող շաբաթ օրը կարմիր հաւկիթ կը ներկենք։ Հաւկիթը կը խորհրդանշէ ամբողջ աշխարհը եւ ինչպէս իմաստունները կ’ըսեն դուրսի կեղեւը կը նմանի երկնքին, ներքին նուրբ շերտը՝ օդին, ճերմկուցը՝ ջուրին, դեղինն ալ երկիրն է: Իսկ կարմիր ներկը Քրիստոսի արեամբ ամբողջ աշխարհի փրկութիւնը կը խորհրդանշէ»:
Հայերը Բուն Բարեկենդանի խրախճանքը խաշուած հաւկիթ ուտելով կը փակէին: Նմանապէս 40 օրերու Պահքը, Զատկուան ճրագալոյցին՝ զատկական գունաւոր հաւկիթներով կը քակէին:
ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՒԿԻԹ ՆԵՐԿԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Ճիշդ է, որ Զատկուան հաւկիթը առաւելաբար կը ներկենք կարմիր գոյնով՝ ի նշան մարդկութեան համար Քրիստոսի թափած արեան, սակայն շատեր մանուկները  ուրախացնելու կամ բազմազանութեան համար հաւկիթը կը ներկեն նաեւ այլ գոյներով: Ստորեւ կը ներկայացնենք տարբեր գոյներով զատկուան հաւկիթը ներկելու բնական միջոցներ։
Կարմիր գոյնին համար անհրաժեշտ է ունենալ կարմիր սոխի կեղեւ, որ պէտք է լեցնել ջուրի մէջ եւ այդ ջուրով եփել հաւկիթները։
Կապտա-մանուշակագոյն երանգ ստանալու համար կարելի է օգտագործել մանիշակագոյն շաքար, որ պէտք է լեցնել ջուրին մէջ եւ եռացնել հաւկիթներուն հետ, որպէսզի անոնք գոյն առնեն։
Մանիշակագոյն երանգ ստանալու համար պէտք է կտրտել մանիշակագոյն կաղամբը, լեցնել  եռացող ջուրի մէջ, անոր աւելցնել քացախ եւ ձգել, որ պաղի, այնուհետեւ հաւկիթները դնել հեղուկին մէջ։
Դեղին երանգի համար պէտք է օգտագործել դեղին խնձորի կեղեւը։ Պէտք է զայն 20 վայրկեան եռացնել ջուրի մէջ, ապա աւելցնել քացախ։
Կարմրա-նարնջագոյնի համար օգտագործեցէք կարմիր պղպեղ, լեցուցեք եռացող ջուրի մէջ, աւելցուցէք քացախ։ Դեղնա-նարնջա-կարմիրի համար կրնաք օգտագործել նաեւ կոճապղպեղ, նարինջ եւ ստեպղին։ Սկզբունքը նոյնն է՝ նշուած մթերքները կ’եռացնէք ջուրին մէջ՝ աւելցնելով քացախ։
Սրճագոյնի համար պէտք է սուրճը խառնել քացախին հետ։
Վարդագոյնի համար կարմիր ճակնդեղը կտրտել, եռացնել ջուրին մէջ, ապա ձգել, որ պաղի եւ աւելցնել խաշուած հաւկիթները