Տուրմը համարեա՛ այն միակ բանն է, որ կրնայ ներկայութիւն արձանագրել սիրոյ խոստովանանքի մը ժամանակ, սիրալիր շշուկի մը ընթացքին: Շատ անգամ, նոյնի՛սկ մեր ամենախճողուած պահերուն, մեր մտահորիզոնին վրայ կը փայլատակէ անիկա:
Կը յիշենք անոր տեսքը, բոյրը, փափկութիւնն ու քաղցրութիւնը:
Կը յիշենք անուշ ժպիտներ ու կը մտաբերենք ուրախութեան վայրկեաններ:
Հնագիտական պեղումներուն համաձայն, միջին Ամերիկայի մէջ ապրած «Մայա» եւ «Ազդէք» ցեղերը մեր թուականէն մօտ 1900 տարի առաջ արդէն օգտագործած են քաքաու բոյսը ոչ միայն իրենց առօրեայի ընթացքին, այլեւ արարողութիւններու ժամանակ՝ մարդու արեան կողքին քաքաուի խմիչք ալ զոհաբերելով:
Անոնք քաքաուի հատիկները աստուածատուր իմաստութեան աղբիւր համարած են, իսկ հունտերը իբրեւ փոխարժէք օգտագործած են հարկեր վճարելու: Հետեւաբար շոքոլայ բառը առաջացած է մայաներու (zocolati) բառէն, որ կը նշանակէ (լեղի ջուր):
Հետագային սպանացիներուն միջոցաւ քաքաոյի հունտերը մուտք կը գործեն Եւրոպա ու աւելի ուշ՝ 1842-ին Անգլիոյ մէջ կը պատրաստուի առաջին տուրմի (շոքոլայի) սալիկը:
Տուրմը սիրոյ լաւագոյն արտայայտիչն է ոչ միայն անկեղծ զգացումներ փոխանցելով, այլ նաեւ առողջութիւն եւ երջանկութիւն պատճառելով: Տուրմը հարուստ է աւելի քան 300 քիմիական բաղադրիչներով, որոնք ունին բազմակողմանի առաւելութիւններ:
Ան կը պարունակէ caffeine եւ theobramine, որոնք կազդուրիչ ազդեցութիւն ունին, մարմնին մէջ dopramine-ի եւ serotonin-ի արտադրութեան քանակը կը բաձրացնեն՝ մեծապէս ազդելով տրամադրութեան վրայ, իսկ ֆլաւոնիտները կը բարելաւեն սրտին աշխատանքը, արեան շրջանառութիւնը ու կը նպաստեն արեան ճնշման կարգաւորման: Տուրմը կը պարունակէ նաեւ կենսանիւթեր (A, B, C, B12, B2) ու կենսական տարրեր (Mg, Ca, P, Mn) եւ երկաթ: Այս պատճառով ալ ներկայիս լայն ձեւով կ’օգտագործուի գեղագիտական դեղերու մէջ (cream) (ոսկի կարագ) անուան տակ, մաշկը թարմացնելու եւ կնճիռները թեթեւցնելու համար:
Ուղեղի եւ սրտի գործունէութիւնը չափող արձանագրիչի մը տուեալներուն հիման վրայ, բժշկական հետաքրքրական սերտողութիւն մը կը փաստէ, թէ տուրմի մը զգացական ազդեցութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է սիրելիի մը համբոյրէն:
«Ամենալաւ ընկերը ան է, որուն հետ ես կը բաժնեմ իմ տուրմը», ըսած է դերասանուհի Լինտա Կրայսըն:
«Ընդամէնը պէտք ունիս սիրոյ եւ մերթ ընդ մերթ տուրմի», ըսած է ծաղրանկարիչ Չարլզ Շոլզ:
Իսկ ես կ’ըսե՛մ տուրմը հրաշք է, այնպէս ինչպէս՝ սէրը:
Անի Մինասեան