ՅՔԾ-ն մերժած է Իշխան Սաղաթէլեանին 3 օրով երկրէն բացակայելու  միջնորդութիւնը: Այս անչութեամբ Սաղաթէլեան յայտնած է իր դիմատետրի էջին վրայ:

Գրառումը կը ներկայացնենք ստորեւ․

«Ինչպէս գիտէք անցած տարուան Նոյեմբերէն սկսեալ ինծի մեղադրանք առաջադրած են ապօրինի հաւաք կազմակերպելու մասին յարուցուած քրէական գործով: Փորձեցին զիս ապօրինի կալանաւորել ` չկարենալով` կիրառեցին այլ խափանման միջոց` ստորագրութիւն չհեռանալու մասին, որով սահմանափակեզին իմ ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը:

Կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան հետ կապուած կարեւոր գործ ունէի արտերկիր եւ դիմած էի ՅՔԾ երկրէն 3 օրով բացակայելու թոյլտուութիւն ստանալու համար:

Երէկ ստացած ենք մերժումի որոշումը: Քննիչը իր մերժումը հիմնաւորած է բացառապէս այն հանգամանքով, թէ այլ վայրի մէջ գտնուելու ընթացքին կարելի չըլլար հսկել իմ ոչ պատշաճ վարքագիծը:

Տպաւորութիւն ունիմ, որ քննիչը նոյնիսկ չ փորձած ոչ միայն իրաւական առումով հիմնաւորուած, այլ գոնէ յօդաբաշխ հիմնաւորում գտնել:

Անգամ  մը եւս արձանագրենք, որ ՅՔԾ-ն ի դէմս Սասուն Խաչատրեանին եւ իր խամաճիկներուն  կը շարունակէ կատարել խելագարի ապօրինի հրահանգները եւ որոշումները` դիմելով նոր ապօրինութիւններու:

Ինչեւէ, մեր դէմ նման ճղճիմ միջոցներով իրականացուող հետապնդումը միայն կ’ամրապնդէ պայքարը շարունակելու մեր կամքը օր առաջ ունենալու առանց թուրքի Հայաստան»: