Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատ հանդիպում ունեցաւ սուրիական մարդասիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ սուրիական նահանգներու արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի պալատներու նախագահներուն հետ։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան կարիքաւոր պարագաներուն մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութեան շուրջ, յատկապէս երկրին տնտեսական վատ պայմաններուն լոյսին տակ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման նախարարը, ինչպէս նաեւ կրօնական կալուածներու նախարարին եւ ընկերային հարցերու նախարարներուն օգնականները։