Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց եւ Սուրբ Յարութեան տօնի պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագին ներկայ էին Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ տիար Ժիրայր Րէիսեան եւ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ մեթր Սումպուլ Սումպուլեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ճորճ Շահինեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն տիար Յակոբ Քիլէճեան, ազգային մարմիններու, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը եկեղեցւոյ մուտքին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները նուագելով ոգեւորեց ներկաները եւ թնդացուց տօնական մթնոլորտը: Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի:
Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանը բարեզարդուած էր գեղատեսիլ ծաղիկներով: Ս. Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ որպէս առընթերականեր սպասաւորեցին Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան եւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան:
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դըպրաց դասը, գլխաւորութեամբ՝ դպրապետ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Սարգիսեանի: Ս. Յարութեան տօնի քաղցրահունչ եւ խորհրդաւոր շարականներով, հաւատացեալներուն հոգիները աստուածային օրհնութեամբ լիցքաւորուեցան։
Սրբազան Հայրը աւետեց Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան ցնծալի լուրը եւ այս առիթով հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը, բնաբան ունենալով Գործք Առաքելոց գիրքի 10-րդ գլխու 39 եւ 40 համարները: Սրբազան Հայրը Ս. Յարութեան աւետիսը համարեց յաղթանակի տօն ընդդէմ չարին, որովհետեւ Քրիստոսի Յարութեան դէպքը անկիւնադարձային հանգրուան հանդիսացաւ ողջ մարդկութեան համար, երբ Աստուած յարութեան պարտէզին մէջ Իր փառքը յայտնեց եւ կեանքի յաղթանակին ու մարդու անմահութեան հիմքերը հաստատեց:
Մասիս Եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ ներկայ մութ եւ անորոշ ժամանակներուն մէջ՝ հաւատքը, յոյսը եւ գոյատեւելու բուռն փափաքը՝ մտքի եւ հոգիի լաւագոյն սնունդները կը կազմեն եւ որոնցմով մարդկութիւնը կը կարողանայ իր կեանքի նոր ուղին գծել եւ մութէն դուրս գալով դէպի լոյս առաջնորդուիլ: «Յարութիւնը ո՛չ միայն կերպարանափոխեց մարդուն ողջ էութիւնը եւ անոր ընթացքը, այլեւ յոյսով լեցուց զայն, որպէսզի իր աստուածահաճոյ ծրագիրները, բարիին ու բարութեան ձգտող քայլերը, երեւակայութենէն անդին, մարմնացեալ ու յարուցեալ Քրիստոսով իրականութիւն դառնան: Հետեւաբար քրիստոնեային համար գոյատեւելու հիմնական առանձնայատկութիւնը յոյսն է, որ առանցքային դեր եւ նշանակութիւն ունի վաւերական յաղթանակին հասնելու համար», աւելցուց Սրբազան Հայրը:
Մասիս Եպիսկոպոս յորդորեց հաւատացեալները, որպէսզի Քրիստոսի Յարութեան պարգեւած կենսունակութեամբ, յոյսով եւ վերանորոգուած հաւատքով շարունակեն պայքարիլ խաւարին եւ մահուան դէմ:
Պատգամի աւարտին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ, հովուապետական ծաղկեալ մականով յառաջ տանելու Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը: Ան շնորհաւորեց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգ. Վարչութիւնը, Կրօնական Ժողովը, ազգային մարմինները, բոլոր կազմակերպութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւններն ու բարեպաշտ ժողովուրդը, մաղթելով օրհնութեամբ եւ յաջողութիւններով լեցուն տարիներ:
Պատարագէն ետք, դպրաց դասի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Ազգ. Առաջնորդարան, որուն սեմին դպրաց դասին առաջնորդութեամբ հնչեց «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ եպիսկոպոսական մաղթանք, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն շնորհաւորութիւնները, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան