Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է սուրիահայ հրապարակագիր Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Հերոսապատում»ը:
Հատորը կը պարփակէ հեղինակին «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարքը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած:
«Ազդակ»ի խմբագրութեան նախաբանը կը յայտնէ, թէ  գիրքը դէպքերու, դէմքերու եւ մտածումներու աշխատասիրութիւն մըն է, ուր ներկայացուած են ամբողջ հերոսապատումի մը եւ պետականակերտումի մը իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնն ու կարեւորագոյն փուլերը։ Ներառուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր կերտիչներու կենսագրութիւնները եւ վերջապէս՝ հասարակական գործիչներու մտածումները՝ Մայիս 28-ի խորհուրդը արժեւորող։
Այս հատորին հրատարակութիւնը իրականացած է Յակոբ Բագրատունիի նիւթաբարոյական աջակցութեամբ, ի յիշատակ իր ծնողքին՝ Յակոբ եւ Անահիտ Բագրատունիի։