Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատի հայկական յանձնախումբը ատորագրահաւաք մը  սկսած է` որով քոնկրէսականները նախագահ Պայտընին կոչ ուղղած են միանալու Քոնկրէսին Հայոց Ցեղասպանութիւնը յստակ եւ ուղղակիօրէն ճանչնալու:

Քոնկրէսականներ  Ատամ Շիֆ, Կուս Պիլիրաքիս, Ֆրենք Փալօնէ կրտսերը, քոնկրէսական Տեյուիտ Գ. Վալադաոն եւ Ճեքի Շպյերի ստորագրութիւններով ուղարկուած նամակով մասնաւորապէս ըսուած է`

Յարգելի նախագահ Պայտըն,

Այս ամսուան վերջը `24 Ապրիլին, աշխարհը պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը` 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէն 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնը եւ միլիոնաւորներու տեղահանութիւնը: Սակայն տասնամեակներ շարունակ, մինչ աշխարհի առաջնորդները ճանչցած են 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նախագահը լռած է: Մենք կը միանանք հպարտ ամերիկահայ համայնքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն ճշմարտութեան ու արդարութեան` խնդրելով Ձեզ 24 Ապրիլի  յայտարարութեան մէջ յստակ եւ ուղղակիօրէն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Մենք գիտենք, որ  հարց մըն  է, որուն դուք քաջածանօթ էք Ծերակոյտին մէջ գտնուելու ընթացքին եւ որպէս փոխնախագահ: Մէկ դար առաջ տեղի ունեցածին պատմական փաստը վիճարկումի ենթակայ չէ:

Պարոն Նախագահ, ինչպէս նախորդ տարի ըսիք 24 Ապրիլի ձեր յայտարարութեան մէջ. »Լռութիւնը յանցակցութիւն է»: Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ամօթալի լռութիւնը չափազանց երկար  տեւած է, եւ ան պէտք է աւարտի: Մենք ձեզ  կը յորդորենք հետեւելու ձեր ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ ըսելու ճշմարտութիւնը:

Յարգանքներով`
քոնկրէսական Ատամ Շիֆ
քոնկրէսական Կուս Պիլիրաքիս
Ֆրենք Փալոնէ կրտսեր
քոնկրէսական Տեյուիտ Գ. Վալադաո
քոնկրէսական Ճեքի Շպյեր

Յիշեցնենք, որ տակաւին անցեալ ամիս 38 ծերակուտական  կոչով դիմած էր Պայտընին` ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: