«Արմէնփրէս».-Ջրականի (Ճիպրայիլ) շրջանին 8 Ապրիլին Արցախի փրկարարները որոնումներու հետեւանքով յայտնաբերած են 7 աճիւն: Ատրպէյճանցիները 2 աճիւն եւս հայկական կողմին` ենթադրաբար Թալիշի ուղղութենէն, փոխանցած են:

Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց Նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ հայ զինուորական ծառայողներու ինքնութիւնը պարզելու համար պիտի նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն: