Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ընդառաջ` Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը տեղւոյն հայկական համայնքի անունով բաց նամակ  յղած է վարչապետ Սքոթ Մորիսոնին` կոչ ուղղելով ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն, ինչպէս նաեւ ասորիներուն ու յոյներուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը:

Յանձնախումբը յորդորած է վարչապետին` հաւատարիմ մնալու 2011 թուականին խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին, ուր ան  յայտարարած էր. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ իրականացուած ամենասարսափելի յանցագործութիւններէն է: Կարեւոր է, որ մենք ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը այնպէս, ինչպէս որ է»:
ի տարբերութիւն խորհրդարանական տարիներու գործունէութեան` արդէն վարչապետ Մորիսոն, որ պաշտօնը ստանձնած է 2018 թուականէն սկսեալ, հրաժարած է կիրառել «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը` տեղի տալով արտաքին ճնշումներուն:

«Հիմա Ցեղասպանութեան ճանաչման ժամանակն է: Աւստրալիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ փոփոխուող քաղաքական մթնոլորտը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ միջազգայնօրէն տարուող դրական քայլերը ստիպած են մեզի հաւատալ, որ հիմա է ժամանակը», ըսուած է նամակին մէջ:
Յանձնախումբը յայտնած է, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որպէսզի փոխուին անձի արժեհամակարգն ու տեսակէտները:

Նշելով, որ Սպիտակ տունէն եւս կան դրական ազդակներ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին` յանձնախումբի անդամները շեշտած են, որ հիմա ճիշդ ժամանակն է մերժելու սպառնալիքները, որոնք կիրառած է մենատիրական Թուրքիան:

«Աւստրալիոյ 50 հազարնոց հայկական համայնքի անունով մենք կոչ կ’ուղղենք ձեզի` 1915 թուականի դէպքերը պաշտօնապէս կոչելու իր անունով` Ցեղասպանութիւն», ըսուած է նամակին մէջ: