«Երկիր».-Ռուսիոյ  Դաշնութեան նախագահ  Փութին հեռախօսազրոյց  ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողանին հետ:

Ի թիւս այլ հարցերու, անդրադարձած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին:

«Էրտողանը բարձր  գնահատած է Ռուսիոյ քայլերը իրավիճակի հետագայ կայունացման ապահովման, 9 Նոյեմբեր 2021-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու շարունակական իրականացումին ուղղութեամբ:

Փութին Թուրքիոյ նախագահին տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ վերջերս ունեցած շփումներու արդիւնքներուն մասին: Երկուստէք կարծիք  յայտնուած է Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկային ենթակառուցուածքի վերականգնման աշխատանքներու աշխուժացման անհրաժեշտութեան մասին», ըսուած է Քրէմլի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: