ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Երկուշաբթի կէսօր, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Մարզական Գերագոյն Դաշնութեան եւ Ֆութպոլի Դաշնութեան մասնակցութեամբ նիստ մը, ուր խօսուեցաւ Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականին վերջին շըրջանին արձանագրած ձախողութիւններուն մասին:
 Ժողովէն ետք տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր ներկայ գտնուեցան սուրիական պատկերասփիւռի կայաններու եւ մամուլի ներկայացուցիչները: Ասուլիսի ընթացքին քըննադատուեցաւ Ֆութպոլի Դաշնութեան գործելակերպը եւ անկէ պահանջուեցաւ աւելի բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերել տարբեր աշխատանքներու ուղղութեամբ:
– Սուրիոյ Հանրապետական Բաժակի մրցումներուն Իթթիհատը, Քարամէն, Ճապլէն եւ Հթթինը հասան կիսաւարտական փուլ:
Իթթիհատը 5-4 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ուահտէն, իսկ Քարամէն 4-3 արդիւնքով յաղթեց Ուասպէին: Լաթաքիոյ Հթթինը դարձեալ դուրս եկաւ յաղթական՝ 3-1 ադիւնքով պարտութեան մատնելով Ճէյշը, մինչդեռ Ճապլէն 1-0 արդիւնքով յաղթեց Շըրթային:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀԵԸ-ի կազմը 68-69 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Իթթիհատէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԴԱՇՏ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ
ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ
Հայաստանի հաւաքականի եւ Ռոմայի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանը նախորդ շաբաթ օր ենթարկուեցաւ բժշկական քննութեան, որուն արդիւնքով անոր մարզադաշտ վերադառնալու թուականը յետաձգուեցաւ: Ըստ «La Gazzetta dello Sport» օրաթերթին, արդիւնքը գոհացուցիչ չէր հռոմէական ակումբին համար։ 11 Մարտին Թոնեցկի Շախտեորի հետ կայացած մրցումին ստացած մկանային վնասուածքին ապաքինումը հայ ֆութպոլիստէն կը պահանջէ երկու շաբաթ եւս դադար առնել։ Այս կը նշանակէ, որ ան մաս պիտի չկազմէ Իտալիոյ առաջնութեան Սասուոլոյի եւ Պոլոնիայի հետ խաղերուն, ինչպես նաեւ 8 Ապրիլին նախատեսուած Եւրոպայի լիկայի քառորդ եզրափակիչ փուլի Այաքսի հետ առաջին հանդիպումը:
ՍՈՍԻՏԱՏ ԴԱՐՁԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ
Պսակաձեւ ժահրի հետեւանքվ մէկ տարի յետաձգուելէ ետք, Կիրակի օր Սպանիոյ Ռէալ Սոսիտատը տիրացաւ 2019-2020 տարեշրջանի Սպանիոյ թագաւորական բաժակին, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Աթլեթիքօ Պիլպաուը: Մրցումը տեղի ունեցաւ Սիվիլիոյ Լա Քարթոխա մարզադաշտին վրայ, որուն առաջին կիսախաղին զոյգ խումբերը չկրցան ցնցել դարպասները: Հանդիպումի 60-րդ վայրկեանին, իրաւարարի տուգանային հարուածին սուլիչով, Միքէլ Օպարնապալ նշանակեց Սոսիտատի յաղթանակի կոլը, որուն շնորհիւ խումբը յաջողեցաւ 34 տարի ետք թագաւորական բաժակը վերադարձնել ակումբ:
Աւելցնենք, որ երկու շաբաթ ետք Աթլեթիքօ Պիլպաուն դարձեալ բաժակի աւարտական մրցում մը պիտի խաղայ, սակայն այս անգամ Պարսելոնային դէմ որպէս 2020 – 2021 տարեշրջանի աւարտական մրցում:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻՍՏ ԱՐԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
ՀԵՐՈՍԱԲԱՐ ԶՈՀՈՒԱԾ Է ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ
Հայաստանի Պասքեթպոլի Դաշնութիւնը խոր վիշտով տեղեկացուց, որ արցախեան պատերազմին, հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին հերոսաբար զոհուած է Արցախ ակումբի պասքեթպոլիստ, Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականի նախկին անդամ Արամ Մկրտչեան:
Անոր աճիւնը գտնուած է պատերազմէն 6 ամիս ետք: 6 ամիս շարունակ անոր բոլոր ընկերները, հարազատները կը սպասէին անոր ողջ վերադարձին, սակայն հրաշք տեղի չունեցաւ:
Հայաստանի Պասքեթպոլի Դաշնութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Արամ Մկրտչեանի ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն՝ անոր նահատակութեան համար, ինչպէս նաեւ պատերազմի բոլոր զոհերուն հարազատներուն:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ