Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացանք, թէ 11 Ապրիլին, Փարիզի արուարձանի Սեւր քաղաքի մէջ գտնուող Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի մէջ կեանքէն հեռացած է Հայր Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեանը: Մեծ հայ, մարդ, արուեստագէտ, հոգեւոր հայր, աստուածաբանը իր մահկանացուն կնքած է իր աշխատանքային սեղանին մօտ, մինչեւ վերջին վայրկեանը աղօթած, աշխատած եւ ստեղծագործած է յանուն Հայ ազգին, հայրենիքին եւ յանուն բարիին:.
Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ
Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանը՝ այժմու Փարիզի Սևր քաղաքի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի տեսուչ_ տնօրէնը երկար տարիներ եղած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի տեսուչ-տնօրէնը, որպէս հրապարակագիր հանդէս եկած է Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ։