Երկուշաբթի, 12 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2021-ի -8- թուակիր օրէնսդրական հրամանագիրը, որ կ՚ընդգրկէ առեւտուրի եւ
սակագիներու վերահսկողութեան շեշտադրումը, թելադրելով խիստ պատիժի ու տուգանքի ենթարկել բոլոր այն առեւտրականները, որոնք ժողովուրդը կը շահագործեն եւ սակագիները ապօրինաբար կը բարձրացնեն։
Սոյն հրամանագիրով նախագահ Ասատ կը միտի սպառողին իրաւունքները պաշտպանել եւ առեւտրականներուն կողմէ ժողովուրդին շահագործումը արգիլել։