«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտոդանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն մեկնած  է Ատրպէյճան: Ան պիտի մասնակցի թրքախօս երկիրներու գործակցութեան խորհուրդի մետիայի եւ տեղեկատուութեան հարցերու պատասխանատու նախարարներու ժողովին:

Ալթուն մեկնած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ տիրապետուած Աղդամ (Ակնայ) քաղաք, այցելած է Գեանջայ (Գանձակ)  քաղաք, որ հրթիռակոծման  ենթարկուած էր Արցախի զինեալ ուժերու կողմէն` ի պատասխան  ատրպէյճանական յարձակումին: Գանձակ կատարած այցելութեան ընթացքին Ալթուն  շարք մը անհիմն յայտարարութիւններ կատարած է Հայաստանի մասին:

Ի դէպ` յիշեալ ժողովին մասնակցած են նաեւ թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան ներկայացուցիչները: