«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան նախօրէին իր ելոյթի ընթացքին օգտագործած էր «կէաւուր» (անհաւատ) բառը` թիրախաւորելով քրիստոնեաները:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, քննադատելով Էրտողանի ատելութեան խօսքը, զայն անընդունելի  համարած է: Այդ առնչութեամբ Փայլան  գրաւոր հարցապնդում  ներկայացուցած է խորհրդարան` պահանջելով Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայէն պատասխանել հետեւեալ հարցերուն.

1) Չէք գիտե՞ր, որ «կէաւուր» բառը ատելութեան խօսք է եւ սերունդներ շարունակ որպէս հայհոյանք օգտագործած  է ձեր համաքաղաքացիներուն դէմ:

2) Չէք գիտե՞ր, որ «կէաւուր» ատելութեան խօսքը կը յանգեցնէ ատելութեան յանցագործութեան:

3) Տեղեա՞կ էք, որ որպէս նախագահ ատելութեան խօսք օգտագործելը կը խախտէ ընկերային խաղաղութիւնը:

4) Ետ կը վերցնէ՞ք «կէաւուր» արտայայտութիւնը եւ ներողութիւն կը խնդրէ՞ք:

Փայլան նաեւ յայտնած է, որ ինք, իբրեւ պատգամաւոր, բազմիցս «կէաւուր» հայհոյանքով յարձակումի ենթարկուած է:

«Պէտք է տեղեկացնեմ, որ նախագահի կողմէն օգտագործուած այդ ատելութեան խօսքը, որ ըստ Թուրքիոյ լեզուագիտական ընկերութեան կը նշանակէ «անհաւատ, ոչ մուսլուման, անխիղճ, դաժան» բնաւ ընդունելի չէ», ըսած է պատգամաւորը: