ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական եւ «Արամ Մանուկեան» Ուսանողական Միութիւնները 23 Ապրիլին պիտի  կազմակերպեն «Կը յիշե՛նք, կը պահանջե՛նք, պիտի ազատագրե՛ նք…» խորագիրով ջահերով երթ:

Մեկնումը պիտի սկսի ժամը 20:00֊ին` Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն  դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Յայտարարութեան մէջ յիշուած է.«Մեր ներկայութեամբ վերահաստատենք պահանջատիրութեան մեր արդար իրաւունքն ու մեր խոնարհումը բերենք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին սրբացած զոհերու յիշատակին:

Յարգանքներով` ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւն «Արամ Մանուկեան» Ուսանողական Միութիւն»: